ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի եւ Բերդաւան գիւղերուն ուղղութեամբ 4 Յունիսի գիշերը ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով զոհուած զինուորական ծառայողներէն երկուքը պիտի զօրացրուէին մինչեւ Յունիսի վերջ, իսկ երրորդը՝ աշնան: Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի աւագ սպայ Մերի Սարգսեան:
Անոր համաձայն, Զոհրապ Բալաբէկեան զօրակոչուած էր Գաւառէն 2010ի առաջին զօրակոչին եւ շուտով պիտի զօրացրուէր, իսկ Կարէն Դաւթեան զօրակոչուած էր Նայիրիէն եւ ան եւս մինչեւ Յունիսի աւարտը պիտի վերջացնէր իր ծառայութիւնը, իսկ Հրաչ Սարգսեան զինուորական ծառայողներուն միացած է Գիւմրիէն եւ աշնան պիտի զօրացրուէր։
Գաւառի զինուորական կեդրոնէն յայտնած են, որ 20ամեայ Զոհրապ Բալաբէկեան կ՛ապրէր Գաւառի մէջ, կ՛ուսանէր Գաւառի պետական համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ: Ընտանիքի միակ արու զաւակն էր, ունէր երկու քոյր, որոնք ամուսնացած են: Երիտասարդը կ՛ապրէր հօր, մօր, մեծ հօր եւ մեծ մօր հետ, ընտանիքը կը գտնուի ընկերային շատ խեղճ վիճակի մէջ: Հայրը մեկնած էր Ռուսիա՝ աշխատելու, եւ Հայաստան եկած էր իր որդիին մահը իմանալով։
Մահացած միւս զինուարական ծառայողներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի չէ եղած գտնել։
Նախապէս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակած էր միջադէպին գծով. հոն նշուած էր, որ 4 Յունիսին, ըստ նախնական տուեալներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կոպիտ կերպով խախտած է սահմանագիծին վրայ հաստատուած զինադադարը՝ փորձելով ներթափանցել Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերուն ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերը: Ձեռնարկուած միջոցառումներուն եւ հայ զինառայողներու քաջարի գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ յառաջխաղացքը կասեցուած է եւ տալով կորուստներ՝ հակառակորդը ետ մղուած է:
Միջադէպին գծով հետաքննութիւն կը կատարուի: Դէպքի վայր գացած են Հայաստանի զինուորական դատախազը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ քննչական խումբը: Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանին վրայ կը վերահսկեն կացութեան՝ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններ կատարելով։
Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանը յայտնած է, որ բնակիչները վնասներ չեն ստացած։