
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Էն.Էս.».- Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայակոյտը Հինգշաբթի, Յունիս 7ին յայտարարութիւն մը հրապարակած է սահմանային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերուն կապակցութեամբ. յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ ատրպէյճանական բանակը, որեւէ ատեն, ի վիճակի է ռազմական ճանապարհով «ազատագրելու իր տարածքները»:
«Մեր բանակին բաւական է 10 օր, որպէսզի ազատէ բռնագրաւեալ տարածքները եւ հասնի Իրանի ու Հայաստանի պետական սահմանները: Այդ քայլէն մեզ ետ պահող միակ պատճառը այն է, որ մենք չենք ուզեր արիւնահեղութիւն ու զոհեր», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլտար Սապիրօղլու յայտարարած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը «ապատեղեկատուութիւն տարածելով՝ կը փորձէ ծածկել իր երկրի ռազմական ձախողութիւնները»:
Սապիրօղլու «սպառնալիքներ» որակած է Ատրպէյճանի մասին նախագահ Սարգսեանի կատարած վերջին յայտարարութիւնը եւ նշած է, որ նման յայտարարութիւններով Սարգսեան պիտի չյաջողի խուսափիլ հրապարակային քննադատութիւններէ: «Սերժ Սարգսեան կը սիրէ խօսիլ նման ոճով: Անոր «տաղանդներ»էն մէկն է այդ մէկը: Ան կրնայ վարպետօրէն սուտը ներկայացնել իբրեւ ճշմարտութիւն եւ այդ պատճառով ալ, չ՛արժեր նման յայտարարութիւններու մեծ ուշադրութիւն դարձնել», աւելցուցած է Սապիրօղլու: