
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Չորեքշաբթի, Յունիս 7ին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ սահմանային վերջին ընդհարումներուն՝ կոչ ընելով հակամարտութեան կողմերուն շարունակելու տագնապի լուծման քաղաքական ու դիւանագիտական ուղիներ փնտռելը:
«Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կտրուկ կերպով աճած է զոհերուն թիւը: Իրավիճակի հետագայ լարուածութիւնն անընդունելի է», ըսած է Լուքաշեւիչ, որ միաժամանակ շեշտած է, թէ Ռուսիա պիտի շարունակէ օժանդակել հակամարտութեան կողմերուն՝ տագնապին խաղաղ կարգաւորման ուղիներ գտ-նելու ճամբուն վրայ:
«Ռոսիա 24»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Լուքաշեւիչ յոյս յայտնած է, որ Փարիզի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը պիտի մեղմացնէ լարուածութիւնը եւ պիտի նպաստէ համաձայնեցմանը Արցախի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք, իրենց հերթին՝ պէտք է դառնան համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրի հիմք:
«Կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան զինադադարի պայմաններուն: Սահմանին վրայ տեղի ունեցող այս դէպքերը կը տապալեն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ կը բարդացնեն բանակցութիւնները», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը: