
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սար-գսեանի հրաւէրով, 8 Յունիսին տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամներուն հետ:
Վարչապետը Արմէն Ռուստամեանին, Աղուան Վարդանեանին, Արծուիկ Մինասեանին եւ Արմէն Բաբայեանին ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի հիմնական ուղղութիւնները: ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները խնդ-րած են կարելի եղածին չափ ամփոփ գիծերու մէջ իրենց ներկայացնել ծրագիրի նախագիծը՝ անոր ծանօթանալու նպատակով:
ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»ի թղթակցին յայտնած է, որ վարչապետը ներկայացուցած է կառավարութեան ծրագրի հիմնական դրոյթները, որոնք կը վերաբերին արտահանման ուղղուած ռազմավարութեան, ընկերային եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս կատարուելիք քայլերուն:
«Ի հարկէ, վարչապետի ներկայացրածը շատ համառօտ դրոյթներ էին, բայց, իմ տպաւորութեամբ, նոր բան չկար, կառավարութիւնը պատրաստւում է շարունակել իր որդեգրած քաղաքականութիւնը», ըսած է Վարդանեան, աւելցնելով, որ վարչապետը ըսած է, թէ մանրամասն ծանօթացած է Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագրին, եւ այնտեղ նկատած է դրոյթներ, որոնք իրեն համար ընդունելի են:
«Սակայն մենք շեշտեցինք, որ բովանդակային քննարկում չենք պատրաստւում ծաւալել: Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրն ամբողջական փաստաթուղթ է, եւ հնարաւոր չէ առանձին ինչ-որ բաժինների մասին խօսել», յայտնած է Վարդանեան:
Նախապէս վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, Օրինաց Երկիր կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու կառավարութեան ծրագիրի դրոյթները: