ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Շաբաթասկիզբին «Ասպարէզ» այցելեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ՝ Արեւմտեան թեմի քահանայ հայրերէն Մամբրէ Քեսապլեանի, իրեն հետ բերելով Եւրոպայի հայկական ամէնէն հին վանքի՝ Հաճկատարի օրհնութիւնը:
Տեղւոյս ռումանահայ համայնքին հետ ծանօթանալու եւ շարք մը ծրագիրներու մասին զանոնք եւ ընդհանրապէս գաղութս տեղեակ պահելու առաքելութեամբ շրջանս այցելած Տաթեւ եպիսկոպոսին հետ կայացած զրոյցէն որոշ պատառիկներ ներկայացնելով՝ այդ գաղութի մասին պատկերացում մը կը փորձենք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:
Մենք ողջունեցինք առաջնորդին այցելութիւնը, եւ այս առթիւ, մեր այսօրուան թիւով (էջ 8) կը ներկայացնենք իր կենսագրական գլխաւոր կէտերը, ինչպէս եւ իր կազմակերպած ձեռնարկին՝ Սուչաւայի վանքի 500ամեակին առթիւ ուխտագնացութեան, մասին յայտարարութիւնը:
Հպարտութեամբ իմացանք, որ Ռումանիան մեծ յարգանք կը ցուցաբերէ իր տարածքին վրայ ապրող փոքրամասնութեանց շարքին նաեւ հայ համայնքին, որուն առաջնորդին տուած է դիւանագիտական աստիճան, եւ կառավարութեան պիւտճէէն անոր կը յատկացնէ վարչապետի վայել աշխատավարձք:
Ռումանիոյ 5000 հաշուող հայ համայնքը ժամանակին շատ աւելի մեծ համրանք ունէր: Ձուլումը եւ մանաւանդ պոլշեւիկեան կարգերէն փախելու նպատակով թափ առած արտագաղթը, համայնքին թիւը հասցուցած են իր ներկայ համեստ վիճակին:
Այսուհանդերձ, իր ունեցած կալուածներով, սրբապատկերներով, հրապարակներով, հայկական անուններ կրող թաղերով, ամէնէն հարուստ թեմն է Ս. Էջմիածինի արտասահմանեան թեմերուն մէջ. արդար հպարտութեամբ այսպէս կը վկայէ Տաթեւ սրբազանը:
Հայ եկեղեցիին Վազգէն Ա.ի նման հրաշալի կաթողիկոս մը տուած այս գաղութը, այսօր երկիրի ծերակոյտին եւ խորհրդարանին մէջ ունի իր ներկայացուցիչները, որոնք սերտ կապեր կը պահպանեն նաեւ Հայաստանի հետ: Առաջնորդարանը ունի հարուստ արխիւ (Հայաստանի Հանրապետութեան երեք հարիւրէ աւելի անցագիրներ, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան կոնդակներ, տպագիր հին գիրքեր, եւայլն):
Մենք առաջնորդ հօր փոխանցեցինք մեր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու ուխտագնացութեան քարոզչութիւնը կատարելու գործին, եւ անշուշտ՝ մեր սրտագին մաղթանքը, որ իր բոլոր ազգանուէր ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին:
————————————————————————————————————————————–
Շաբաթ Օրուան «Ասպարէզ»ը
Այս Շաբաթ օր «Ասպարէզ» չորս էջէ բաղկացած ներդիր մը պիտի հրատարակէ՝ Մոնթեպելլոյի «Մեսրոպեան» վարժարանին մասին:
Այս թիւը թղթատարով պիտի առաքուի Մոնթեպելլոյի եւ Ուիթիըր շրջանի աւելի քան երկու հազար ընտանիքներու: Շաբաթ օրուան թիւի տպաքանակը պիտի ըլլայ 7000: