ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արիւնալի գործողութիւններուն ողբերգական շարքը կը կրկնուի հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ մարդկային մեծ կորուստ-ներու գնով: Ամէն անգամ, երբ ղարաբաղեան հակամարտութեան նպատակով բարձրաստիճան պաշտօնեաններու այցելութիւններ կամ միջազգային հանդիպումներ կը ծրագրուին, Ատրպէյճան անպայման յարձակումներ կ՛իրականացնէ հայ սահմանապահներու դէմ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ բազմաթիւ զոհեր կ՛արձանագրուին:
Ատրպէյճանի ղեկավարները յոյս ունին, որ նման թշնամական գործողութիւններով միջնորդ երկիրներու ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրեն հակամարտութեան կարգաւորման հրատապութեան վրայ՝ ճնշում բանեցնելով Հայաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ, որպէսզի վերջինս Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ կատարէ:
Անցեալ շաբաթ, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլրրի Քլինթըն այցելեց Կովկասեան հանրապետութիւնները: Երեւան ժամանելու օրն իսկ, ատրպէյճանական ուժերը յարձակում գործեցին հայկական երկու դիրքերու վրայ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ երեք զինծառայող զոհուեցան, ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան: Յաջորդ օրերուն դարձեալ արձանագրուեցան ատրպէյճանական այլ յարձակումներ, որոնք ստիպեցին հայերը հակահարուած տալու, որուն հետեւանքով՝ հիմնականօրէն ատրպէյճանական կողմը կրեց տասնեակ կորուստներ:
Հայերը կ՛ակնկալէին, որ առաջին յարձակումէն ետք, նախարար Քլինթըն խստօրէն դատապարտէ Ատրպէյճանը: Անկասկած, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւնը այնպէս մը դասաւորուած էր, որ անիկա համընկնի Քլինթընի Հայաստան կատարած այցելութեան հետ: Սակայն ԱՄՆ նախարարը կոչ ըրաւ երկու պետութիւններուն զերծ մնալու ռազմական գործողութիւններէ՝ ընդգծելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամբողջովին «կարելի է լուծել խաղաղ միջոցներով»: Քլինթընի անընդունելի յայտարարութիւնը նախայարձակները հաւասարեցուց զոհերու հետ: Աւելին՝ չդատապարտելով ատրպէյճանական յարձակումները՝ ան, իրականութեան մէջ, քաջալերեց Ատրպէյճանը, որ յաւելեալ վայրաք արարքներու դիմէ Հայաստանի դէմ:
Քանի որ բոլորը քաջատեղեակ են, թէ Ատրպէյճանը նմանատիպ յարձակումներ կը ծրագրէ այնպէս մը, որ անոնք համընկնին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ տարածաշրջան այցելութեան հետ, ուստի, մինչեւ ճամբայ մեկնիլը, ԱԳ նախարար Հիլըրի Քլինթըն պէտք է զգուշացուցած ըլլար Ատրպէյճանը, որպէսզի զերծ մնայ թշնամական որեւէ գործողութիւններէ, տարածաշրջան իր գտնուած միջոցին:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է Ատրպէյճանի կառավարութեան խորհուրդ տուած ըլլար, թէ Քլինթընի այցին ընթացքին հրադադարի որեւէ խախտում անձնական վիրաւորանք պիտի համարուի յատկապէ՛ս ԱԳ նախարարին համար՝ անոր ձգելով միայն մէկ ընտրութիւն՝ չեղեալ յայտարարել Պաքու իր այցը: Նոյնիսկ եթէ նման զգուշացում նախապէս չէ տրուած, յարձակումներէն ետք Քլինթըն պէտք է հրաժարէր Պաքու տալիք իր այցէն: Ցաւօք, նախարարը ատրպէյճանական քարիւղը հայկական արիւնէն բարձր գնահատեց: Իր այս քայլերով ան վնաս հասցուց ԱՄՆի միջազգային հեղինակութեան եւ բարոյական կերպարին:
Նկատի ունենալով, որ ասիկա կրնայ ըլլալ Քլինթընի տարածաշրջան վերջին այցելութիւնը (ան տարեվերջին պիտի հեռանայ պետական ծառայութենէն)՝ ցաւալի է, որ ան իր ետին կը ձգէ բռնութեան եւ հակամարտութեան, այլ ոչ թէ՝ խաղաղութեան եւ հաշտեցման ժառանգութիւն: ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը հաւանաբար Երեւան եւ Պաքու եկած էր խրախուսելու համար ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը, սակայն տարածաշրջանին մէջ ան աւելի անկայունութիւն յառաջացուց քան էր նախապէս:
Մէկ այլ գործօն, որ խրախուսեց ատրպէյճանական յարձակումները, 1994էն ի վեր հայերու կողմէ զինադադարի խախտման ո՛չ արժանի հակահարուած տալն էր: Պարզապէս կրակ արձակելով՝ հայերը չէին կրնար զսպել ատրպէյճանական յարձակումները: Պէտք է ձեռնարկուէին այլ քայլերու՝ հասկցնելու համար ալիեւեան վարչակարգին, թէ հրադադարի խախտումը սուղ պիտի արժէ իրենց: Պատասխան կրակ արձակելու փոխարէն, հայերը պէտք է չէզոքացնէին յարձակումներու նախաձեռնող ատրպէյճանական ռազմական դիրքերը:
Թէեւ ոմանք ունին այն մտավախութիւնը, թէ հայերու կողմէ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւնը կը յանգեցնէ լայնատարած բախումներու, այնուամենայնիւ այսպիսի մտահոգութիւններ անտեղի են, որովհետեւ Ատրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմ մղելու, ինչպէս կը փաստէ ռազմական փորձագէտներու մեծ մասը: Վաղաժամ պատերազմի մը սկսելու պարագային, կայ լուրջ վտանգ, թէ ատրպէյճանցիները կը կոր-սնցնեն յաւելեալ տարածքներ եւ կ՛ունենան տնտեսական հսկայական կորուստներ:
Ատրպէյճանական յետագայի յարձակումները կանխելու եւ հայկական կողմի զոհերուն թիւը նուազեցնելու նպատակով, ստորեւ ներկայացուած են եօթը առաջարկներ, որոնց կրնայ նախաձեռնել Հայաստանը, եթէ Ատրպէյճան շարունակէ խախտել հրադադարը:
– Հակահարուած տալ՝ նշանակէտ ունենալով Ատրպէյճանի քարիւղի արդիւնաբերութիւնը՝ ոչնչացնելով կազատար եւ քարիւղատար խողովակները: Լաւագոյն պաշտպանութիւնը՝ լա՛ւ յարձակումն է:
– Ձեռնարկել քայլելու՝ չէզոքացնելու համար ատրպէյճանցի արձակազէնները, որոնք, պարբերաբար, իբրեւ նշանակէտ կ՛ունենան Հայաստանի սահմանապահները եւ մօտակայ գիւղերու խաղաղ բնակչութիւնը:
– Իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք, անորոշ ժամանակով մը դադարեցնել բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ: Կարելի չէ խօսիլ խաղաղութեան մասին եւ միեւնոյն ժամանակ՝ կռուիլ:
– Պահանջել բոլոր երկիրներէն զերծ մնալ Ատրպէյճանին զինամթերք վաճառելէ:
– Յորդորել ՀԱՊԿն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն)՝ պաշտպանական այն դաշինքը, որուն կազմին մէջ են Հայաստանը, Պելոռուսը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, Ռուսիան, Տաճիկիստանն ու Իւզպեքիստանը, որ իր կարգին զգուշացնէ Ատրպէյճանը, թէ Հայաստանի դէմ յառաջիկայ որեւէ յարձակումի պարագային՝ ՀԱՊԿի անդամ երկիրները հաւաքական ռազմական հակահարուած պիտի տան:
– Յայտարարել, թէ Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցերով Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը կը համարուի թշնամական արաք, ուստի՝ Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն վերցնել Հայաստանի ստորագրութիւնը:
– Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը՝ որպէս անկախ պետութիւն, եւ հրաւիրել այլ երկիրներ՝ նոյն կերպով վարուելու:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ