ՊՈԼԻՍ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին, «Մարմարա»ի խմբագրատուն այցելած են սվազցի երկու ազգայիններ՝ Փայէլ Կիւլլիւտերէ եւ արդէն յայտնի ազգային գործիչ Սարգիս Կիւլեկեչ, որոնք տեղեկացուցած են, թէ վերջերս յաջողած են կազմել եւ պետական վաւերացման ենթարկել «Սվազցի հայեր եւ բարեկամներ» անունով միութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ համախմբել սվազցիները, յիշողութիւններու մէջ վերակենդանացնել Սվազի անցեալի կեանքը, վերյիշումներով կեանքի կոչել եւ նուիրագործել մշակութային կամ ընկերային այն ժառանգութիւնը, որ առկայ էր անցեալի մէջ եւ որ հիմա պատմութեան փոխանցուելու սեմին հասած է, ինչպէս նաեւ յարութիւն տալ ներկայիս կորսուած Սվազի հայ բարբառին, թերթեր, գիրքեր թղթատել եւ երեւան հանել այդ ամէնը, ինչ Սվազի յատկանշական կեանքին վրայ դրած է իր անջնջելի կնիքը, վերյիշումի ենթարկել Սվասցիներու ճաշերը, վերակենդանացնել այս քաղաքին հայ երաժշտութիւնը, առածները, պատմութիւնները, իսկ փրթելու աստիճանի հասած յարաբերութիւնները վերստին հաստատել։
Միութիւնը անդամներ ունի թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ արտասահմանեան երկիրներու մէջ։
«Մարմարա»ի հիւրերը յայտնած են, որ միայն Պոլսոյ մէջ 15 հազար սվազցի հայեր կ՛ապրին։ Ներկայիս Սվազի մէջ կան 16 հայ ընտանիքներ, որոնք ունին նոր սերունդէ ներկայացուցիչներ։
Միութիւնը ծրագրած է Վարդավառին (Յուլիս 13-15ին) դէպի Սվազ քաղաքը մշակութային պտոյտ մը կազմակերպել, եւ ցարդ անոր մասնակցելու համար 130 հոգի արձանագրուած է։ Հոն Խոնուր Կուտուր անունով եկեղեցի-վանքի մը փլատակները կան։ Այս վայրը ներկայիս կը կոչուի Հույ Քեսեն։ Հոն տակաւին գոյութիւն ունի Ս. Նշան վանքի ամարանոցը եւ անոր մերձակայքը՝ թելապատ հայապատկան գերեզմանատունը։ Կայ նաեւ Թավրայի եկեղեցին, որ զինուորական գրաւումի տակ կը գտնուի։
Նորակազմ միութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ տէր կանգնիլ այս սրբավայրերուն եւ անոնցմէ ոմանց սեփականատիրութիւնը ետ պահանջել։
Միութեան մասին բացատրութիւններ տալու համար, հիւրերը նաեւ այցելած են Պոլսոյ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցած են պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան սրբազանին հետ։