ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կարէն Եղբայրեան կը հաղորդէ, թէ Երկուշաբթի, Յունիս 11ին, դատական նոր նիստ մը տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու նպատակով Ֆրանսական «Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան դէմ բացուած դատի գլխաւոր փաստաբաններուն՝ մէկ կողմէ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Քապաթեքի, իսկ միւս կողմէ՝ Վարդգէս Եղիայեանի՝ իրարու դէմ բացուած դատերը քննարկելու համար:
Նիստին ընթացքին բացայայտուած կարեւոր նորութիւնը այն էր, որ այլ իրաւաբան մը՝ Պերճ Պոյաճեան, իր աձնական դրամատնային հաշիւին մէջ պահ դրած է «Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան կողմէ իբրեւ վնասուց հատուցում տրամադրուած գումարներէն 312,000 տոլար՝ 17 տարբեր առիթներով:
Պերճ Պոյաճեան «Կլենտէյլ Նիուզ Փրես»ին հաղորդած է, թէ նշեալ գումարները պահ դրուած են անձեռնմխելի հաշիւի մը մէջ եւ պիտի յանձնուին իրենց տէրերուն:
Սակայն, հարցի յաւելեալ քննարկումէն առաջ, դատաւորը խնդրած է քննել իր անկողմնակալութեան հարցը, որպէսզի շահերու բախում մը տեղի չունենայ՝ նկատի ունենալով, որ դատաւորին ամուսինը անցեալին ներկայացուցած է Պոյաճեանի շահերը: Այս նպատակով, կողմերուն միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 26ին:
«Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան տրամադրած միլիոնաւոր տոլար գումարը բաժնելու պարտականութիւն ստանձնած Բարսեղ Քարթալեանը յայտնած է, թէ ինք այս հարցով խորհրդակցութիւններ ունեցած է Պոյաճեանի հետ, սակայն անոր ոչ մէկ լիազօրութիւն տուած է: Մինչ այդ, հաշուապահական ընկերութիւնը, որուն յանձնուած էր հարցին քննութիւնը, փոխնացած է, թէ 2.1 միլիոն տոլարի գումարը կարելի է անմիջապէս բաժնել, որմէ ետք 700,000 տոլարի գումար մը պիտի մնայ հատուցման հիմնադրամին մէջ: 13,000 դիմումներ Կիրակոսի գրասենեակներէն փոխադրուած են չէզոք վայր մը՝ «Լոյոլա» իրաւաբանական վարժարանը: Յաջորդ նիստը տեղի կ՛ունենայ Օգոստոս 27ին: