
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– 9 Յունիսին Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի Եակուտսկ քաղաքին մէջ Թեմակալ առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեանի ձեռամբ կատարուած է եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի ա-րարողութիւն: Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանի հաղորդմամբ, հիմնարկէքի ընթացքին սրբալոյս միւռոնով օծուած են տասնվեց խաչանիշ քարերը, որոնք եկեղեցւոյ տասնվեց կնքահայրերը զետեղեցին աղօթատան հիմերուն մէջ:
Հայկական աւանդական ճարտարապետական ոճով նախագծուած եկեղեցին պիտի կառուցուի համայնքի ներկայացուցիչներուն նիւթական ներդրումով:
Հայաստանէն բերուած տուֆ քարով կառուցուող եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին: Կը նախատեսուի եկեղեցւոյ կից կառուցել նաեւ մշակութային կեդրոն:
Եակուտսկի մէջ հայերը կ՛ապրին 1800ական թուականներէն: Այսօր անոնց թիւը կը հասնի հինգ հազարի: Շրջանի հայութիւնը հիմնականին մէջ կը զբաղի շինարարութեամբ: