
ԳԻՒՄՐԻ.- Գիւմրեցի անօթեւան բազմաթիւ ընտանիքներու ընկերային ծանր կացութեան մասին «Շիրակ կենտրոն»ի ներկայացուցած տեսանիւթերը կը շարունակեն աննախադէպ արձագանգ գտնել Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս ապրող բարերարներուն կողմէ։
Նախորդ ամիս www.shirakcentre.org եւ հայաստանեան շարք մը յառաջատար կայքէջներուն վրայ «Գիւմրիում աղքատ ընտանիքները նոյնիսկ տնակում են վարձով ապրում» տեսանիւթի հրապարակումէն ետք կազմակերպութեան աշխատակիցներուն հետ կապ հաստատեցին շարք մը բարերարներ՝ փափաք յայտնելով օգնել այդ ընտանիքին։
Իսկ նախորդ շաբաթ անյայտ բարերար մը երեք փոքր երեխաներու միայնակ մօր, տնակի մը մէջ վարձով ապրող Գոհար Յովհաննիսեանի ընտանիքին նուիրեց նորակառոյց եւ յարմարաւէտ մէկ սենեակնոց բնակարան, իսկ այլ բարերար մը այս ընտանիքի անդամներուն հանդերձեղէն տրամադրեց։
Նշենք, որ տնակներուն մէջ ապրող անօթեւան ընտանիքներու մասին «Շիրակ կենտրոն»ի կողմէ նախորդ 10 ամիսներուն ընթացքին պատրաստուած տեսանիւթերու լոյսին տակ անօթեւան ու պետութեան կողմէ բնակարանային փոխհատուցում չստացող 9 ընտանիքներ արդէն իսկ բնակարան ունեցած են: Իսկ անօթեւան ընտանիքներուն եւ ծնողազուրկ մանուկներուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով «Միասին կարող ենք փոխել նրանց ճակատագիրը» խորագիրը կրող նախանձեռնութեան իբրեւ արդիւնք՝ տասնեակ ընտանիքներ ապահովուած են վառելափայտով, շարք մը մանուկներու ամսական դրութեամբ գումար սկսած է տրամադրուիլ, այլ ընտանիքներուն՝ բաւարար քանակութեամբ սնունդ, հագուստ, գրենական պիտոյքներ ու կենցաղային իրեր: