
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ «Էկոլուր»ի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս Սերգէյ Համբարձումեան որոշած է հրաժարիլ Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնաժողովէն՝ իբրեւ բողոք Սեւանայ լիճէն ջուրի բացթողման օրէնքով սահմանուած քանակը աւելցնելու Հայաստանի կառավարութեան մտադրութեան։
Անոր յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը շեշտուի այս միտքը. «Ես ուզում եմ ապրել, որ Սեւանի թերակղզին կղզի տեսնեմ: Ովքեր ուզում են ապրել եւ Սեւանի թերակղզին միշտ թերակղզի տեսնել, թող հասկանան, որ, ըստ իս, դա առնուազն բարբարոսութիւն է»։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 14 Յունիսին իր նիստին ընթացքին համաձայն գտնուած էր «Սեւանայ լճի մասին» եւ «Սեւանայ լճի էկոհամակարգի վերականգնման, պահպանման, վերարտադրման եւ օգտագործման միջոցառումների տարեկան ու համալիր ծրագրերը հաստատելու մասին» օրէնքներուն մէջ լրացումներ կատարելու գծով ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերուն, որոնց համաձայն, լիճէն ջուրի բացթողման համար սահմանուած առաւելագոյն 170 միլիոն խորանարդ մեթրը պիտի բարձրանայ 320 միլիոն խմ.ի: