ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպանատունը «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամի եւ Կանանց իրաւունքներու կեդրոնի հետ համագործակցաբար կազմակերպած է համերգ մը՝ որպէս աջակցութիւն ընտանեկան բռնութեան զոհ դարձած կանանց:
Իր «վիտէոպլակ»ին մէջ դեսպան Ճան Հեֆըրն նշած է, որ «Տը Պիութիֆուլ ՓրաճեքԹ» (The Beautified Project) խումբի «Ռոքն ընդդէմ ընտանեկան բռնութեան» համերգի նպատակն է բարձրացնել իրազեկումը այդ խնդիրի մասին:
«Կանանց կարգավիճակի բարելաւումը մեր աշխարհին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ուղղուած ջանքերու կարեւորագոյն մասն է», յայտարարած դեսպան Ճ. Հեֆըրն, կոչ ընելով օժանդակութեան համար դիմել Կանանց իրաւունքներու կեդրոն: