ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան անգամ մը եւս յայտնուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուող «սեւ ցուցակ»ներէն մէկուն վրայ, այս անգամ քաղաքացիներու մաքսանենգութեանց պատճառով:
Նախարարութեան «Trafficking in Persons 2012» տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան քայլերը չեն համապատասխաներ մարդկանց ապօրինի առեւտուրի դէմ պայքարելու գծով հաստատուած նուազագոյն չափանիշերուն:
Ըստ նախարարութեան՝ ժամանակակից ստրկութեան տագնապը լուծելու նպատակով ամենաքիչ ջանք գործադրող երկիրներն են Իրան, Ատրպէյճան, Աֆղանիստան, Պելոռուս, Իւզպեքիստան, Ռուսիա եւ Սուրիա: Ըստ զեկոյցին՝ ներկայիս աշխարհի տարածքին հարկադիր ստրուկի վիճակի մէջ են մօտաւորապէս 27 միլիոն անձեր: