
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութիւնը այս տարին հռչակած է «Ազատամարտիկներու Տարի», եւ այս առթիւ կը կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ:
Այս արշաւին իր աջակցութիւնը բերելով՝ Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտը այս շաբթուան ընթացքին 5000 տոլար նուիրած է «Ազատամարտիկներու կողքին» («With Our Soldiers» (WOS)) արշաւին, որ պիտի տրամադրուի Արցախի ազատամարտի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու դարմանումի ծախսերուն:
«Ազատամարտիկները մեր ազգի հերոսներն են եւ իրենց շնորհիւ է, որ այսօր մենք կը վայելենք մեր լեռնային հայրենիքը, եւ մեր պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ անոնց», կը յայտնէ «Ռուբէն» ուխտի ատենապետուհի Վերժին Թուլումեան:
Յատկանշական է, որ Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտը անցեալ տարուան աշնան իսկ սկսած էր Արցախի ազատամարտի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու օժանդակելու նպատակով ձեռնարկներու նախաձեռնութեան. այս նպատակով գոյացած գումարը որոշուած է յանձնել «Ազատամատիկներու կողքին» արշաւին: «Ներկայիս Արցախի ազատամարտիկներու նեցուկ կանգնիլը յոյժ կարեւոր է», կը յայտնէ «Ռուբէն» ուխտի վարչութեան անդամ Շողակ Գազանճեան:
Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.WithOurSoldiers.com կայքը: