
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի. Էյ.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսնատր Լուքասեւիչ Հինգշաբթի, Յունիս 21ին յայտարարեց, թէ Մոսկուա դրական կը համարէ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահներուն հետ, աւելցնելով, թէ Յուլիս ամսուան ընթացքին համանախագահները դարաձեալ Հարաւային Կովկաս պիտի այցելեն: