
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 21 Յունիսին Ազգային ժողովի մուտքին մօտ (Դէմիրճեան փողոց) Հայ Ազգային Կոնգրեսի անդամ Վարդգէս Գասպարին բողոքի շարժում կազմակերպած է Ռուբէն Հայրապետեանի դէմ, որուն պատկանող «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ անոր թիկնապահները դաժան ծեծի ենթարկած են զինուորական բժիշկները:
Գասպարին բարձրացուցած էր պաստառ մը՝ «Նեմեց՝ մարդասպան» գրութեամբ: Ան յայտնած է, թէ հաւատք չունի այն մասին, որ մեղաւորները իրենց պատիժը պիտի ստանան։
«Միշտ էլ այդ դէպքերը եղել են, հարցերը փակել են, սուաղել են: Սա առաջին անգամը չի, որ կոնկրէտ Ռուբէն Հայրապետեանը նման ամենաթողութեան է դիմում: Ես գոնէ յիշում եմ մի քանի դէպք՝ 2008ի ընտրութիւնների ժամանակ լրագրողին ընտրատեղամասից հանել-տարել, «Հա-րսնաքարում» ծեծել, Երջանիկ Աբգարեանին, Գուրգէն Եղիազարեանին էին բռնութեան ենթարկել: Եւ այսպէս, միայն Ռուբէն Հայրապետեանի հետ կապուած մի քանի դէպքեր ես յիշում եմ: Սա ոչ համարժէք արձագանգման արդիւնքն է, որ այս դէպքերը շարունակւում են», ըսած է ան՝ աւելցնելով. «Ես այստեղ եկել եմ, ներողութիւն էթիկայի խախտման համար, որ ասեմ՝ թքած ունեմ օլիգարխիայի կարմիր գծերին, եկել եմ ասելու, որ Ռուբէն Հայրապետեանը իմ գնահատմամբ՝ մարդասպան է»:
Բողոքի ցոյցի ատեն Վարդգէս Գասպարիին մօտեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան գործարար պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանը, որ բազմիցս յայտարարած է, որ Ռուբէն Հայրապետեանն իր ընկերն է. ան ՀԱԿի գործիչին ձեռքէն խլած է անոր բռնած ցուցապաստառը:
Ի պատասխան՝ Վարդգէս Գասպարին սկսած է բացագանչել. «Ալեքսանեան խուլիկան»։ Այն ատեն անոր մօտեցած է Սամուէլ Ալեքսանեանի ընկերակիցներէն մէկը, որ հրելով գետնին ձգած է գործիչը եւ հեռացած:
Վարդգէս Գասպարին նոյն պահուն այս մասին տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը՝ նշելով, որ ԱԺ մուտքի մօտ Սամուէլ Ալեքսանեան խլած է իր ձեռքի պաստառը, իսկ անոր թիկնապահը հրած ու գետին ձգած էր զինք։