«Կլոպըլ փիս ինտեքս»ը ուսումնասիրած է աշխարհի 158 երկիրները եւ հրապարակած աշխարհի ամէնէն խաղաղ երկիրներու ցանկը, որուն մէջ Հայաստանը տարածաշրջանի ամէնէն խաղաղ երկիրներու շարքին է: Այս մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ «visionofhumanity.org» պարբերականը:
Աշխարհը 2009 թուականէն ի վեր աւելի խաղաղ դարձած է: Բոլոր տարածաշրջանները, ի բացառութիւն Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկեան երկիրները, խաղաղութեան բնագաւառին մէջ բարելաւում արձանագրած են:
Ուսումնասիրութիւնը 23 կէտով արժեւորած է աշխարհի 158 երկիր՝ նկատի ունենալով առաջին հերթին հասարակական անկարգութիւնները, ռազմական ծախսերը, ներգրաւուածութիւնը՝ զինուած հակամարտութեան մէջ եւ յարաբերութիւնները դրացի երկիրներուն հետ:
Իրլանտիան ամէնէն խաղաղ պետութիւնն է, իսկ Սուրիան իր դիրքերը զիջած է 30 կէտով՝ դառնալով աշխարհի 147րդ ամենախաղաղ երկիրը: Սակայն աշխարհի ոչ անվտանգ վայրը, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով կը շարունակէ գրաւել Սոմալը։ Սրի Լանքայի մէջ քաղաքացիական պատերազմի աւարտին պատճառով երկրին դիրքերը բարելաւուած են 30 կէտով:
Լատինական Ամերիկայի մէջ խաղաղութեան ցուցանիշի բարելաւման լաւագոյն օրինակը կը նկատուի Վենեզուելայի (123) եւ Քոլոմպիայի (144) յարաբերութիւններու բարելաւումը:
158 երկրներու շարքին մէջ Ռուսիան 153րդն է, Իրանը՝ 128, Ատրպէյճանը 132րդն է, Վրաստան՝ 141րդը, Թուրքիան՝ 130րդը: Հայաստանը 115րդն է եւ այս չափանիշը յառաջատար է տարածաշրջանի երկիրներու շարքին մէջ։