ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցած է քաղաքապետարան-սեփական կառոյցներ համագործակցութեան ծիրին մէջ 1-20 Յունիսին Երեւանի մէջ կայացած «Երազանքների պատ» ծրագիրին աջակցող «Ամերիաբանկ»ի գլխաւոր տնօրէն Արտակ Հանեսեանի հետ:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ծրագիրի առաջին հանգրուանին մասնակցելու համաձայնութեան արժանացած երազանքներէն հանդիսանող եռաչափ (3 տի.) նկարազարդումը կատարելու նպատակով Երեւան հրաւիրուած գերմանացի նկարիչ Նիքոլա Արնդըտը եւ «Պի. Պի. Մետիա» ծանուցումներու գործակալութեան տնօրէն Հայկ Սիմոնեանը:
Ողջունելով հիւրերը՝ Տարօն Մարգարեան ընդգծած է, որ նախաձեռնութեան գաղափարը իսկապէս իւրայատուկ էր. ան դիտել տուած է, որ այս դիտանկիւնէն մեկնած՝ քաղաքապետարանը կը միտի հետագային եւս շարունակել համագործակցութիւնը եւ իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ պատրաստ է աջակցելու նման ծրագիրներ կեանքի կոչելու աշխատանքներուն։
«Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ բաց ենք փոխշահաւէտ ծրագրերի քննարկման եւ դրանց իրականացման հարցում: Վստահ եմ, որ այս ծրագրի յաջող ընթացքը խթան կը հանդիսանայ մասնաւոր այլ ընկերութիւնների համար եւս, ովքեր հանդէս կը գան հետաքրքիր առաջարկներով եւ, դրանցից լաւագոյններն իրագործելով, համատեղ կը նպաստենք մայրաքաղաքում որակապես այլ, աչք շոյող միջավայրի ձեւաւորմանը», նշած է քաղաքապետը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան եւ ցուցաբերուած պատրաստակամութեան համար՝ «Ամերիաբանկ»ի գլխաւոր տնօրէնը նշած է, որ երազանքներուն մասին եղած բոլոր առաջարկներուն եւ դիմումներուն ծանօթանալէ ետք իրենք պատրաստ են կեանքի կոչել այլ հետաքրքրական ծրագիրներ եւս։
«Օրէցօր աւելի ու աւելի տեսանելի են դառնում այն բոլոր փոփոխութիւնները, որոնք կատարւում են մեր սիրելի քաղաքում եւ այդ հարցում մենք շատ բարձր ենք գնահատում Ձեր ներդրումը: Նաեւ Ձեր այդ վերաբերմունքով է պայմանաւորուած մեր այս նախաձեռնութիւնը, որով մի փոքր լումայ էլ մենք ենք փորձում ունենալ մեր քաղաքի ու քաղաքացիների հաճելի առօրեայի կազմակերպման հարցում», նշած է Արտակ Հանեսեան՝ վստահեցնելով, որ «Ամերիաբանկ»ը պատրաստակամ է շարունակելու քաղաքապետարանին հետ համագործակցութիւնը:
Տարօն Մարգարեան եւս վստահեցուցած է, որ Երեւանի արտաքին տեսքի բարելաւման ու գեղեցկացման, ինչպէս նաեւ երեւացիներուն յարմարաւէտութեան ապահովման նպատակով ի գործ դրուող աշխատանքներուն մէջ սեփական ընկերութիւններու ներգրաւուածութիւնը միշտ ալ ողջունելի է, իսկ քաղաքապետարանը իր առաւելագոյնը պիտի ընէ, որպէսզի այդ ծրագիրները կարելի եղածին չափ արագ իրականութիւն դառնան։