ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Էդուարդ Նալբանդեան այսօր Ստեփանակերտ է, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ Արցախի ղեկավարութեան հետ:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքականութեանց համակարգումը ինչպէ՞ս կը կատարուի. այս հարցին պատասխանը այնքա՛ն ալ յստակ չէ մեզի: Թերեւս ազգային անվտանգութեան նկատառումներով այդպէս ալ անորոշ պէտք է մնայ:
Հայաստանը Արցախի շահերու պաշտպանութիւնը ստանձնած է եւ յանուն Արցախի՝ կը բանակցի Ատրպէյճանի եւ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչներուն հետ: Անվստահութեան խնդիր չենք դներ, չենք ուզեր ալ դնել: Սակայն այս մարտավարութեան շահեկանութիւնը խնդրական է յատկապէս՝ նկատի առնելով հայկական դիւանագիտութիւնը առաւել արդիւնաւէտ ու ճկուն դարձնելու սեւեռումը:
Յամենայնդէպս, գոնէ երեւութապէս Հայաստանի ու Արցախի արտաքին քաղաքականութեանց համակարգում մը կը կատարուի, եւ Նալբանդեանի այցելութիւնը Ստեփանակերտ կրնայ բանակցութեանց ընթացքին մասին պարզապէս տեղեկութիւններ փոխանցելու, նոր զարգացումներու (եթէ կան անշուշտ) ու անոնց արցախեան գնահատականը ստանալու առիթ մը նկատուիլ: Նալբանդեան-Մամետեարով Փարիզեան հանդիպումի նախօրէին որոշ անձկութիւն մը կար մթնոլորտին մէջ՝ ամերիկեան կողմէն սպասուած նոր առաջարկներու «մտավախութեամբ»: Սակայն, ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն եւ ըստ Մամետեարովի երէկուան հաւաստիացումին՝ Փարիզի մէջ նոր առաջարկներ չեն ներկայացուած:
Ուրեմն՝ Նալբանդեան ինչո՞ւ որոշեց հիմա երթալ Ստեփանակերտ:
Տարբերակ մէկ. ասիկա պարզապէս հերթական այցելութիւն մըն է:
Տարբերակ երկու. յաչս Արցախի քուէարկողներուն՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի հեղինակութիւնը բարձրացնելու քայլ մըն է՝ բանակցութեանց մասնակիցի, անոնց ներքին ծալքերուն իրազեկի պատկերացումը տալով:
Տարբերակ երեք. Փարիզի մէջ եղած են նոր առաջարկներ, որոնց մասին պէտք է զեկուցէ, կարծիք ու խորհուրդ ստանայ: Այս տարբերակը կրնայ մտահոգիչ ըլլալ: