ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- 28 Յունիսին, մինչ կառավարութիւնը կը գումարէր իր ընթացիկ նիստը, կառավարութեան շէնքին առջեւ անսովոր եռուզեռ կը տիրէր։ Արդարեւ, Սիսիանի զօրամասին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող Ռուբէն Միքայէլեանի մայրն ու պարագաները իրենց զաւակին հարցը կը բարձրացնէին, եւ այս առիթով հացադուլի դիմած էր անոր մայրը։ Զինուորին մօր համաձայն, իր զաւակը երեք տեսակ հիւանդութիւն ունի՝ սրտի բնածին արատ, երիկամներու հիւանդութիւն եւ ոտքի կտրուածք: Տղուն վիճակը վատթարացած է նախորդ տարուան Հոկտեմբերին, երբ նոյն զօրամասին մէջ զինուորները ծեծած են տղայ մը, եւ իր զաւակը յարուցուած դատին մէջ նկատուած է վկայ: Զինուորին մայրը կը հաստատէ, որ իր զաւակին ծեծած են, վիրաւորած են՝ սպառնալով նոյնիսկ զայն սպաննել: Այս բոլորին չդիմանալով՝ այս տարուան Մարտին իր որդին՝ Ռուբէն Միքայէլեան փորձած է անձնասպան ըլլալ՝ թեւի երակները կտրելով: Սակայն կարելի եղած է փրկել զայն։
Կառավարութեան շէնքին դիմաց 2 օր առաջ հացադուլ յայտարարած Շամիրամ Միքայէլեանի զօրակցելու եկած էին նաեւ խաղաղ պայմաններուն մէջ բանակին մէջ զոհուած զինուորներուն մայրերը։ Ռուբէն Միքայէլեանի մայրը կը բողոքէր դատարանին կողմէ 15 Յունիսին տրուած վճիռին դէմ, ըստ որուն մերժուած էր խումբ մը սպաներու դէմ քրէական գործի յարուցումը: Մայրը կը հաստատէ, որ իր տղուն այս վիճակին հասցուցած են սպաները, որուն համար ինք դատարան դիմած էր։
Հացադուլ կատարող կինը պահանջած է, որ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան մօտենայ իրենց եւ պարզաբանումներ տայ իր եւ հոն հաւաքուած միւս ծնողները յուզող հարցերուն մասին:
Այս բողոքի շարժումին ընթացքին ուշակորոյս եղած է զինուորական ծառայողին մեծ մայրը՝ Գոհար Չիֆլիկեան, որ հիւանդանոց փոխադրուած է, թէեւ անոր վիճակը կայուն յայտարարուած է, սակայն բժիշկներու հսկողութեան տակ պիտի մնայ։
Նշենք, որ Ռուբէն Միքայէլեանի դէմ հետեւեալ մեղադրանքը յարուցուած է. «Իրեն որեւէ վնասուածք պատճառելու (անդամախեղելու), հիւանդութեան սիմուլեացիայի, կեղծ փաստաթղթեր օգտագործելու կամ խաբէութեան այլ միջոցով կամ ապօրինի այլ եղանակով զինծառայողի կողմից զինուորական ծառայութեան պարտականութիւնները կատարելուց ժամանակաւորապէս խուսափելը»:
Ռուբէն Միքայէլեանի մայրը դէմ է առաջադրուած մեղադրանքին եւ կը հաստատէ, որ իր զաւակին մղած են նման քայլ առնելու։
Մինչ այդ, Քրէական օրէնսգիրքի այս յօդուածով կատարուած յանցանքի համար որպէս պատիժ բանտարկութիւն կը ճշդուի՝ երեք ամիսէն երեք տարի ժամկէտով, կամ կարգապահական գումարտակին մէջ կը պահուի ան՝ առաւելագոյնը երեք տարուն համար։