
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշաններու օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան, Կիրակի, 24 Յունիսին քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ գտնուող Մոնթսենի լերան վրայ: Այս լեռը Պարսելոնայի բարձրագոյն գագաթն է: Կիրակի առաւօտեան, Պարսելոնա հաստատուած 15 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ կազմուած խումբը շարժեցաւ դէպի Սանթա Ֆէ եւ հաւաքական նախաճաշ ընելէ ետք՝ սկսաւ նախատեսուած քայլարշաւին: 2 ժամ քալելէ ետք, խումբը հասաւ 1712 մեթր բարձրութիւն ունեցող Թուրօ տէ Լհոմէ գագաթը: Որոշ ժամանակ հանգստանալէ ետք, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշաններու նիւթին:
Բացատրուեցաւ Հայաստանի պետական խորհրդանիշերուն իմաստը, ներկայացուեցաւ պատմականը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդանիշերուն հետ ունեցած կապը. ապա կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի եւ զինանշանի մասին՝ 15 Յունիս 2006ին ընդունուած օրէնքը: Որոշ դադարէ ետք խումբը վերադարձաւ Սանթա Ֆէ, ուր տեղի ունեցան հաւաքական ճաշ ու խաղեր:
Նախապէս հրապարակուած եւ ուղարկուած յայտարարութեան համաձայն՝ արշաւին մասնակցող երիտասարդները իրենց հետ բերած էին Եռագոյն դրօշակներ եւ հագած էին նոյն գոյներով յատուկ «թի-շըր»չներ: