ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ.- «Ռոթարի Քոզմոփոլիթըն» ակումբը ամէն շաբաթ հաւաքոյթ կը կազմակերպէ տարբեր վայրերու մէջ: Յունիս 13ի առաւօտեան, համաշխարհային այս ակումբի Աղեքսանդրիոյ մասնաճիւղը հիւրընկալուած էր «Տիգրան Երկա» Մշակութային ընկերակցութեան կողմէ՝ ատենապետ Աստղիկ Ալեքսանեան-Փափազեանի հրաւէրով:
«Տիկ. Փափազեան, ըլլալով անդամ «Ռոթարի»ի մեծ ընտանիքին՝ նպատակ ունէր դասախօսութեան միջոցաւ ներկաներուն ծանօթացնել հայերու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ Աղեքսանդրիահայ համայնքին մասին», կը յայտնէ ներկաներէն բժիշկ Էտուար Մանուկեան:
Իր ելոյթի ընթացքին Ալեքսանեան բացատրած է պատճառը, թէ ինչո՛ւ հայերը սփռուած են աշխարհի չորս կողմը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր երկիրներուն, մանաւանդ՝ Եգիպտոսին, որ այդ թուականին «ցեղասպանութեան դաժան օրերէն մազապուրծ եղած հայերը յարգեցին եւ հիւրընկալեցին իրենց մօտ»:
Խօսելով եգիպտահայ համայնքին մասին՝ օրուան բանախօսը ներկայացուց յայտնի եգիպտահայեր, ինչպէս՝ Նուպար Փաշան, եւ անդրադարձաւ համայնքի ներկայ գործունէութեան:
Դասախօսութեան ընթացքին բանախօսը նշեց նաեւ հայ համայնքի գործունէութիւնը ընկերային եւ մարզական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ հայկական թերթերու եւ «Արմաւենի» կայքէջի մասին, որ «հայկական դպրոցներու եւ եկեղեցւոյ կողքին, կը պահպանէ հայոց ինքնութիւնն ու լեզուն»:
«Ռոթարի»ի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին օրուան բանախօսին՝ իր հետաքրքրական ելոյթին համար, եւ իրենց ակումբի պաշտօնական դրօշը նուիրեցին անոր:
Նշենք, որ «Միջազգային Ռոթարի»ն գործարարութեան եւ առաջնորդութեան կազմակերպութիւն մըն է, որ մարդկային օժանդակութեան միջոցաւ՝ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն կը տարածէ: «Ռոթարի»ն ունի շուրջ 1.2 միլիոն անդամ, 34 հազար ակումբ՝ 200 երկիրներու մէջ: