
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրը արդէն գոհացուցիչ է մասնակիցներուն համար: Արդարեւ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայեր կարելիութիւն ունեցան մասնակցելու հայոց լեզուի արագ դասընթացքներու, ազգագրական եւ ժողովրդական պարերու դասերու եւ կապ հաստատելու Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտներուն հետ:
Ծրագիրը սկսած է Յունիս 25ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 13 Յուլիս՝ մեծապէս տպաւորելով մեծ թիւով սփիւռքահայեր ու անոնց մէջ աւելի եւս ամրապնդելով ազգային ոգին, որուն ամենավառ ապացոյցը մասնակիցներուն վառվռուն աչքերն ու դրական տպաւորութիւններն են:
«Մասնակիցների շահագրգռուածութիւնը բաւականին մեծ է եւ շատ գնահատելի, քանի որ մարդիկ եկել են, որպէսզի ծանօթանան ազգային արժէքներին», ըսած է «Ակունք» ազգագրական պարախումբի գլխաւոր պարուսոյց Արեգ Միքայէլեան։ «Յատկանշական է, որ մասնակիցների մէջ կան մարդիկ, որոնք օտար երկրում են ծնուել ու մեծացել, բայց իրենց մէջ ազգային ոգին այնքան խօսուն է, որ նրանք անմիջապէս զգում են ազգային պարերի շատ նուրբ տարրերը»:
Ամառնային դպրոցին ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու եւ լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներ: