
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 11 Յուլիսին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Բարձրաստիճան հիւրը ծաղկեպսակ զետելով՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն յանցագործութիւնն էր, ինչպէս նաեւ մեծագոյն ողբերգութիւնը՝ հայ ժողովուրդին համար: «Ատիկա յանցագործութիւն էր մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ: Որքան ալ դարեր անցնին, միեւնոյն է, այդպիսի յանցագործութիւնները չեն մոռցուիր, որպէսզի չարտօնուի անոնց կրկնութիւնը», ըսած է Վալենթինա Մաթվիենքոն։ Ան աւելցուցած է, Հայաստանը ճիշդ քայլ առած է կառուցելով անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող: «Որքան երկար ապրի յիշողութիւնը, նման բան չի կրկնուիր», յայտնած է ան։
Վալենթինա Մաթվիենքօ այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացաւ նախորդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործադրուած մեծագոյն ոճիրը ապացուցող ցուցանմոյշներուն: Այնուհետեւ Արձանագրութեան մատեանին մէջ իր տպաւորութիւններուն մասին գրելով դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ոճրագործութիւնը, իսկ աւարտին ջրեց «Յիշողութիւններու պուրակ»ին մէջ գտնուող այն ծառը, զոր տնկած էր Հայաստան կատարած նախորդ այցելութեան ընթացքին։