
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքու ընդվզած ու զայրացած է իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տրուած այցելութիւններով. այս առիթով նոյնիսկ բողոքի գիրեր ուղարկուած են Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանին: Դեսպան Միխայիլ Լոթեմը տեղական լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն կողմէ Ղարաբաղ տրուած այցելութիւնները անհատական բնոյթի են եւ չեն արտացոլացներ Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը:
Դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ուղեւորութիւն կազմակերպած «Մակմա թրեվըլ» կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Մենահեմ Ապատին «Իզրուս» թերթին յայտնած է, որ դեսպան Միխայիլ Լոթեմը իրմէ չէ խնդրած հրաժարիլ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տրուելիք այցելութենէն։ «Ան միայն ուզեց գիտնալ այցելութեան նպատակը, իսկ ես պատասխանեցի, որ ուղեւորութիւնը զուտ զբօսաշրջական բնոյթ կը կրէ։ Ուղեւորութիւն կազմակերպելէ առաջ մենք ամէն ինչ կը ստուգենք, ոչ մէկ պատճառ կայ Լեռնային Ղարաբաղ չերթալու», ըսած է կազմակերպութեան տնօրէնը։ Անոր համաձայն, պաշտօնական Իսրայէլը որեւէ խոչընդոտ չէ յառաջացուցած Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու գծով:
«Մակմա թրեվըլ»ը սեփական առեւտրային կազմակերպութիւն է, որ զբօսաշրջային նախագիծեր կը կազմակերպէ դէպի աշխարհի տարբեր երկիրները: