ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական մամուլը յատուկ հետաքրքրութեամբ անդրադարձած է 9-15 Յուլիսին Երեւանի մէջ կայացած «Ոսկէ Ծիրան» 9րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին: Թրքական մամուլը նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ փակ սահմաններու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան լոյսին տակ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ «հեռաւորութիւնը կը յաղթահարուի շարժապատկերի միջոցով»:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթը այս մասին գրած է, որ «շարժապատկերի փառատօնին բացումը տեղի ունեցած է Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի թատրոնին մէջ, որ ուշագրաւ է իր եզակի ճարտարապետութեամբ, իսկ շէնքին առջեւի հրապարակին մէջ տեղադրուած են հրաշալի արձաններ»:
Թերթը հպարտութեամբ նշած է, որ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին ներկայացուած է նաեւ թրքաբնակ բեմադրիչ Օզճան Ալփերի «Ապագան երկար պիտի տեւէ» ժապաւէնը, որ արժանացած է «Էքումենիք ժիւրի» յատուկ մրցանակին: Փառատօնի վաւերագրական ժապաւէններու մրցումին մասնակցած է նաեւ թուրք բեմադրիչ Էնիս Ռըզայի «Աղբանոցին մէջ Թոսթոյեւսքի գտայ» ժապաւէնը: Թերթը անդրադարձած է երեւանեան փառատօնին ունեցած կարեւորութեան՝ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ եւ շարժապատկերի աշխարհին մէջ։
Յօդուածին հեղինակը նշած է, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստան եւ Երեւան կատարած իր առաջին այցելութեամբ, ուր ամէնուրեք հանդիպած է բարեհամբոյր վերաբերմունքի: Ան զարմացած է, որ իրենց հանդիպած մարդոց մէջ մեծ թիւով անձեր նշած են, որ իրենք «մշեցի, արդուինցի, պիթլիսցի, կարսեցի, ուրֆացի (եդեսացի), կեսարացի, մալաթիացի եւ վանեցի են, եւ թէ ինչի մասին ալ խօսիս անոնք կ՛անդրադառնան Ցեղասպանութեան. զրուցակիները խօսած են մեծ յուզմունքով»: Հեղինակը պատմած է նաեւ Երեւանի մէջ ճաշակած ազգային հրաշալի ճաշատեսակներու եւ Հայաստանի մէջ կատարած հիանալի ուղեւորութեան մասին։