ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ, 54 քիլօկրամ կշիռքի դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արման Խաչատրեան Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ արդէն իսկ վերջացած ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան մրցումներուն ախոյեանութեան տիրացած է։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը։
Այս մրցաշարքին Հայաստանէն մասնակցած են 10 ըմբիշներ, որոնցմէ երեքը՝ 54 քիլօկրամ կշիռքի դասակարգի Մխիթար Գրիգորեան, 46 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգի Հմայեակ Աղաջանեան եւ Ռազմիկ Պօղոսեան խլած են պրոնզէ մետալներ։
Խաչատրեան եւ Գրիգորեան կը ներկայացնեն Երեւանի æրվէժի ըմբշամարտի ճանաչուած մարզադպրոցը, Յովհաննիսեան՝ Գառնիի, իսկ Պօղոսեան՝ Վանաձորի ըմբշամարտի մարզադպրոցներու սաներն են:
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ Էդուարդ Թունեանց: