Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի տիկնանց միութիւնը, իր աւանդութիւնը շարունակելով՝ Յուլիս 10ին, առաջնորդարանի «Փօլ Եղբայրներ Կալերիա»ի մէջ կայացուց իր ամսական ճաշկերոյթ-յայտագիրը: Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, ապա տիկնանց միութեան ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ներկայ էր նաեւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան:
Իր հոգեւոր պատգամը տուաւ նաեւ առաջնորդարանի Գրադարանի պատասխանատու եւ առաջնորդի ներկայացուցիչը Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական ժողովներու՝ Հայկ Մատոյեանը, որ անդրադարձաւ նաեւ մեր աւանդական ազգային սովորութիւններուն:
Տիկինները վայելեցին կէսօրուան ճաշը, ապա Ժաննա Յովհաննէսեանի դաշնամուրի նուագին ընկերակցութեամբ՝ երգեցին ազգային երգեր: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
Տիկնանց միութեան յաջորդ ճաշ-յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանէն ներս, Երեքշաբթի, Օգոստոս 7ին, կեսօրէ ետք ժամը 1ին: Տոմսերու համար հեռաձայնել առաջնորդարանի գրասենեակ՝ (818) 558-7474, կամ Արաքսի Պոյամեանին՝ (818) 404-1662: