ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Էլ.Էյ. Մարթ»ը՝ 12 յարկանի համալիրը, 55 միլիոն տոլարով գնուեցաւ Կլենտէյլցի ներդրողներու կողմէ:
Անշարժ կալուածներու միջնորդող «Մետիսըն Փարթնըրզ»ը կը յայտնէ, թէ 784 հազար քառակուսի ոտք տարածք ունեցող համալիրը կը գտնուի 1933 S. Broadway-ի վրայ. անիկա գրասենեակներու, ցուցադրասրահներու եւ ձեւաւորման կեդրոններու միախմբումն է: Այնտեղ, նաեւ «Էլ.Էյ.» գաւառը 140 հազար քառակուսի ոտք տարածք վարձած է:
«Վորնատօ Ռիլթի Թրաս»չ ընկերութիւնը նշեալ կալուածը ծախեց «Փի.Էյչ.Ար Էլ.Էյ Մար»ին (PHR LA Mart), որուն նախագահն է բժիշկ Արա Դաւիթեանը:
««Էլ.Էյ Մար»չի նկատմամբ մեր մտապատկերն է առեւտուրի յաջողակ լծակները կենսունակ դարձնել, որպէսզի անոնք գրաւիչ դառնան ե՛ւ գնողներուն ե՛ւ վաճառողներուն համար», կը յայտնէ Ա. Դաւիթեան: