
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու նախնական տուեալներուն համաձայն՝ 67.7 տոկոսով յաղթանակ տարած է ԼՂՀ գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը:
ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) առ այժմ ստացած է արձանագրութիւններուն 57 տոկոսը:
Երկրորդ դիրքի վրայ յայտնուած է Վիտալի Բալասանեան, որ, ըստ նախնական տուեալներուն՝ հաւաքած է ընտրողներու 31.4 տոկոսին քուէն, իսկ Հայաստանի Ագրարային համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական գծով փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան, նախնական տուեալներով՝ հաւաքած է 0.90 տոկոսին ձայնը:
Այս պահուն դեռ կը շարունակուի հաշուարկի գործընթացը. աւելի ուշ պիտի յայտարարուին բոլոր ընտրատեղամասերուն արդիւնքները եւ Ընտրական յանձնախումբը պիտի հրապարակէ պաշտօնական տուեալները:
Նշենք, որ ընտրութիւններու աւարտին, ԿԸՅն արձանագրած էր ընտրողներու 73 տոկոսի մասնակցութիւն: