ԿԱՐԷՆ ԵՂԲԱՅՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 6ին տեղի ունենալիք նախագահական եւ այլ մակարդակներու ընտրութիւնները բաւական հետաքրքրական՝ միեւնոյն ժամանակ նեղացուցիչ ըլլալ կը խոստանան:
Թեկնածուներուն միջեւ մրցապայքարը բուռն եւ տիտանական պիտի ըլլայ, բայց եւ՝ անբովանդակ: Նոյնը կարելի է պնդել Քալիֆորնիոյ մէջ քուէարկութեան ներկայացուող 11 օրինագիծերուն մասին: Ասոնցմէ մի քանին ընտրողներու կողմէ նախապէս մերժուած օրինագիծեր են:
«Տիտանական» պայքարի բնութագրումը պայմանաւորուած է ծախսուող գումարներու հսկայական ծաւալով: Այս ընտրապայքարին մէջ հսկայական գումարներու հոսքը առաւել մեծ համեմատութիւններ ստացաւ՝ շնորհիւ ԱՄՆի Գերագոյն ատեանին հաստատած «Միաւորուած քաղաքացիներ» հարցին, որ մեծ ընկերութիւններուն առջեւ լայն դարպասներ բացաւ՝ անվերահսկելիօրէն նիւթական յատկացումներ կատարելու համար իրենց նախընտրած թեկնածուներու հաշւոյն:
Երէկ, ծանօթներէս մէկը կը պնդէր, թէ նախագահական ընտրապայքարի պատկերասփիւռային ծանուցումներու 90 տոկոսը սեւ քարոզչութիւն է. դրական շեշտերով քանի մը ծանուցումներ երեւցած են միայն սպաներէնով հրապարակուածներուն մէջ: Այս տեսակի աղմկոտ, նեղացուցիչ ծանուցումները, ինչպէս նաեւ նոյն ոգիով՝ նամակներով կամ հեռախօսային հաղորդումներով փոխանցուած դիմումները, կրնան ընդհանրապէս ընտրութեանց հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը մարել: Դժբախտաբար, այս մարտավարութիւնը կ՛օգտագործուի, մրցակիցներու համակիրները զզուեցնելու նպատակով՝ զանոնք հեռու պահելով քուէատուփերէն, եւ այդ ճամբով՝ յաղթանակ ապահովելով:
Աւելի վատ միջոցներ ալ կը կիրարկուին քուէարկողները տարհամոզելու եւ զանոնք քուէատուփերէն հեռու պահելու համար: Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ ղեկավարուող նահանգներու մէջ, օրինակ, քուէարկողներու ցուցակները կասկածելիօրէն «կը մաքրազտուին» եւ քաղաքացիներու ինքնութիւնը ստուգելու բարդութիւններ կը ստեղծուին: Այս ճանապարհներով, ընդհանրապէս, դեմոկրատ քուէարկողներն են, որոնք թիրախ կը դառնան:
Դաշնակցային մակարդակի ընտրութիւններուն պիտի վճռուի նաեւ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան ճակատագիրը: Ըստ որոշ նախատեսութեանց՝ այնպէս կը թուի, որ զոյգ պալատներու պարագային ալ նոյն պատկերը պիտի շարունակուի, եւ այսօր անոնց մէջ մեծամասնութիւնը պահող կուսակցութիւնները պիտի պահպանեն իրենց դիրքերը:
Այս բոլորին մէջ պէտք է նկատի առնել հայկական գործօնը: Մեր քուէները պիտի ազդեն բաւական մեծ թիւով եւ տարբեր նահանգներու մէջ մրցող թեկնածուներու ընտրապայքարներուն վրայ: Յստակ է, սակայն, որ հայկական գործօնը ամէնէն շատ ազդեցիկ պիտի ըլլայ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի մրցապայքարին մէջ, յատկապէս՝ թիւ 43 ընտրատարածքին մէջ, ուր իրարու դէմ դուրս եկած են Կրեկ Գրիգորեանն ու Մայք Կաթօն, որ ներկայիս կը գրաւէ այդ աթոռը: Ես պարբերաբար այս սիւնակէն պիտի անդրադառնամ այս ընտրութիւններուն եւ պիտի փորձեմ օգտակար ըլլալ ձեզի՝ ճիշդ եւ հայանպաստ դիրքորոշումի յանգելու համար, Նոյեմբեր 6ի ընտրութիւններուն: