Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Բարի վարժութիւնը շատ զոհողութիւն պէտք չէ պահանջէ: Շատ լսուած է այն ասոյթը, որ կ՛ըսէ՝ «Երեխայի պէս քնանալ»՝ ակնարկելով հանգիստ ու խաղաղ քունին: Սակայն բոլոր այն ծնողները, որոնք անքուն գիշերներ կ՛անցընեն, գիտեն, թէ այդպիսի բան շատ ալ իրական չէ: Սակայն այսպիսի խաղաղ վարժութիւն մը ձեռք ձգելը շատ հնարաւոր է, եթէ քնանալու սովորութիւն մը հաստատենք տան մէջ: Այս մէկը թէ՛ պիտի ըլլայ ընտանեկան հաճելի ու խաղաղ վարժութիւն մը եւ թէ պիտի ըլլայ հաճելի անցում մը դէպի քնանալու խաղաղ աշխարհ: Շատ պէտք չունիք չարչարուելու այս վարժութիւնը ձեռք ձգելու համար. ձեր երեխային բարի գիշեր ըսելով՝ իսկապէս պէտք է իրականանայ այդ ցանկութիւնը:
Երեխաները կը սիրեն սովորութիւնը. անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ակնկալուի իրենցմէ ու ըստ այնմ՝ կը վարուին: «Ռութին»ի (սովորութիւն) բացակայութիւնը ոչ միայն վնասակար է, այլ՝ վտանգաւոր. երբեմն ալ անիկա նոյնիսկ երեխաներու իրավիճակներուն մասին սխալ ախտաճանաչումներու կ՛առաջնորդէ մանկաբոյժները:
Նաեւ այն երեխաները, որոնք յաւելեալ խնամքի կարիքը ունին, ինչպիսիքն են օթիզմով տառապողները, յաւելեալ քունի պահանջք ունին՝ իրենք զիրենք աւելի լաւ կառավարելու համար: Վերջապէս, բաւարար քունը շատ կարեւոր է ֆիզիքական, զգացական ու մտային առողջութեան համար:
Ի՞նչ բաներէ պէտք է հեռու մնալ քնանալէն առաջ.
– Կարգ մը ծնողներ երեխաները քնացնելէ առաջ, անգիտակցաբար, տեղի կու տան որոշ սխալ արարքներու: Օրինակ՝ օրօրելով քնացնելը. կարելի չէ ամբողջ գիշերը այդ բանը կատարել: Հետեւաբար ընտրեցէք այն ձեւերը, որոնք միաժամանակ կրնան հանգստացնել ու խաղաղեցնել ձեր երեխան, միաժամանակ՝ ձեզի ալ հանգիստ պարգեւել:
– Ռութին մը որդեգրել: Անշուշտ այս մէկը կը սկսի առաւօտեան արթննալու ժամէն: Ամբողջ օրը երեխային հետ ձեր ապրած օրը եւ տուած գուրգուրանքը կը հաստատէ գիշերուան քունի ժամուան յաջողութիւնը: Երեխային համար քնանալը ձեւով մը բաժանում մըն է իր ծնողքէն ու շրջապատէն: Ամբողջ օրը եթէ ան յարգուած ու սիրուած է եւ ուժեղ էութիւն մը ըլլալը հաստատած է, ապա կը նշանակէ, թէ ան պիտի ուզէ գործակցիլ ծնողքին հետ եւ խաղաղութեամբ անկողին առաջնորդուիլ: Գիշերուան բաժանումին հանգիստ կերպով երթալու համար անհրաժեշտ է, որ երեխաները զգան թէ՛ ռութինի ապահովութիւնը եւ թէ ծնողքին հետ իրենց ամուր կապը:
Քնանալէն կէս ժամ առաջ իսկական ռութինը պէտք է սկսի հետեւեալ ձեւով.
– Լոյսերը մեղմացնլ. այս ձեւով մարմինը ինքնաբերաբար կը հանդարտի եւ երեխային ուղեղը հրահանգ կ՛արձակէ թէ՝ քնանալու ժամն է:
– Դադրեցուցէք բոլոր այն ա-րարքները, որոնք խնամք կամ նոյնիսկ խանդավառութիւն կը յառաջացնեն: Կարգ մը երեխաներ նոյնիսկ ակռաները վրձինելու երգէն կը խանդավառուին, հետեւաբար՝ զգուշացէք ու միայն կեդրոնացէք լուր եւ հանդարտեցնող գործերու վրայ:
– Լոգանք. ոչ մէկ բան կրնայ երեխան աւելի խաղաղեցնել, քան երկար ու տաքուկ լոգանքը: Անիկա նաեւ լաւ միջոց մըն է ամուր կապի հաստատման համար:
– Լաւ փաթթեցէք երեխան խանձարուրի մը մէջ. այսպիսով՝ երեխան աւելի ապահով ու խաղաղ կը զգայ եւ աւելի արագ կը քնանայ:
– Լաւ ու ապահով փաթթուկներ. երբ ձեր երեխան կը զգայ ձեր տաքուկ փաթթուկները, աւելի շուտ կրնայ քունի անցնիլ: Նաեւ սիրալիր խօսքեր ըսելու ընթացքին ցած ու խաղաղ ձայնով արտայայտուեցէք: Բարձր ձայնը միշտ կրնայ աւելի խրախուսիչ եւ խանդավառող ըլլալ:
– Օրօր, համբոյր եւ գիրքեր: Մաքրուած է ձեր երեխան ու հանգիստ, ուրեմն պատրաստ է ձեր սիրալիր համբոյրները, փաթթուկները ու օրօրը լսելու եւ խաղաղութեամբ քունի անցնելու:
– Իրականութեան ժամն է. պէտք է երեխան անկողին զետեղէք. այս մէկը կը համարուի ամէնէն կարեւոր ու դժուար պահը: æանացէք նախքան կատարեալ քնանալը՝ անկողին զետեղել զայն, պայմանաւ, որ արդէն կատարեալ հասունցած ու պատրաստ ըլլայ քնանալու: Որոշ մասնագէտներ նաեւ համաձայն են, որ երեխան մօր ձեռքերուն մէջ քնանալէ ետք արթնցնել շատ կարճ ժամանակով (շուրջ 10 երկվայրկեան) ու ապա անկողին դնել, որպէսզի ան զգայ, թէ այդպիսով անկողին պիտի երթայ քնանալու համար: Այս ձեւը նաեւ, գիշերը արթննալու պարագային, կ՛օգնէ երեխային շուտ քնանալուն: Անձամբ կը նախընտրեմ առանց կատարեալ քունի անցնելու զինք դնել անկողինին մէջ ու անուշ քուն մաղթել անոր:
Հիմա արդէն դուրս եկէք ձեր երեխային սենեակէն ու հանգիստ քուն մաղթեցէք անոր: Արդէն գիտէք, թէ ձեր մաղթանքները որքա՛ն ազդու են ու խաղաղեցնող: Գիշերուան հանգիստ պահը ապրեցէ՛ք ու ապրեցուցէ՛ք ձեր երեխային: Նոյնիսկ եթէ աշխատող մայր էք, միշտ յիշեցէք, թէ ձեր քանի մը վայրկեանները կրնան շատ բան նշանակել ձեր երեխայի բարօրութեան ու ապահովութեան ամրապնդման համար: Կ՛արժէ այդ ժամանակը տրամադրել, որովհետեւ անիկա տպաւորիչ ու խաղաղեցնող պիտի ըլլայ ձեր երեխային համար: