Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.

Մարդկային յատկանիշները դասակարգուած են հետեւեալ ձեւով.
Ա. Մարմնակազմային-ֆիզիքական յատկանիշներ, որոնք կը յայտնուին զանազան յատկութիւններով եւ կը բնորոշեն մեր արտաքին կազմը եւ տեսքը:
Այս յատկանիշներն են.
ա. Մազի գոյն՝ թուխ, դեղնորակ.
բ. Մազի ձեւ՝ շիտակ, գանգուր.
գ. Մորթի գոյն՝ բնական, սպիտակամորթութիւն.
դ. Աչքի գոյն՝ սրճագոյն, կապոյտ.
ե. Աչքի թարթիչներու չափ՝ կարճ, երկար.
զ. Գոյնի տեսողութիւն՝ բնական, գոյնի կուրութիւն (color blindness).
է. Շրթունքի կազմուածք՝ հաստ, բարակ.
ը. Քիթի ձեւ՝ պզտիկ, մեծ.
թ. Իրանի չափ՝ կարճ, երկար.
ժ. Արեան խմբաւորում՝ A, B, AB, O, Rh+, Rh-.
ժա. Ականջի ձեւ՝ երկար, կարճ, լայն, նեղ.
ժբ. Այտերու ձեւ՝ փոսիկաւոր, առանց փոսիկի.
ժգ. Լեզուի շարժում՝ ոլորելու կարողութիւն-անկարողութիւն.
ժդ. Ձեռքի գործածութիւն՝ աջլիկ, ձախլիկ (right, left handedness).
Բ. Գործօն (functional) եւ բնախօսական յատկանիշներ, որոնք կը յայտնուին տարբեր-տարբեր յատկութիւններով, օրինակ՝ ընդհանուր առողջութիւն, երկարակեացութիւն, հակամէտութիւն հիւանդութիւններու, արեան խմբաւորում, արգասաւորութիւն-պտղաբերութիւն (fertility).
Գ. Մտային-իմացական եւ վարքագծային յատկութիւններ, օրինակ՝ ուշիմութիւն, իմացականութիւն, ճշմարտութիւն, ազնուութիւն.
Դ. Հիւանդագին յատկանիշներ, օրինակ՝ սիրտի հիւանդութիւններ, քաղցկեղի եւ արեան տկարութեան որոշ տեսակներ, մկանային տկարութիւններ, նիւթափոխանակումի խանգարումներ, բազմամատութիւն (polydactily), ճաղատութիւն, սպիտակամորթութիւն:
Վերոյիշեալ հիւանդութիւններու կողքին կան նաեւ ժառանգական այլ հիւանդութիւններ, որոնք կը դրսեւորուին բազմածինային ժառանգութեամբ եւ միջավայրի ներգործութեամբ: Այս հիւանդութիւններէն են՝ շաքարախտը, սրտի որոշ հիւանդութիւնները, գերարիւնաճարպութիւնը (hyperlipemia), արեան քոլեսթերոլի բարձրացումը (hypercholesterolemia), մնայուն շնչահեղձութիւնը (asthma), փքուռոյց (emphysema), կարգ մը խլիրդները, ճարպակալումը (obesity), ինքնադիմադրողականութեան հիւանդութիւնները (autoimmune diseases), գերվահանագեղձութիւնը (hyperthyroidism):
Ծինային ժառանգականութիւնը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ երեք ձեւերով.
Ա. Միածինային ժառանգականութիւն, այսինքն՝ մէկ ծինով.
Բ. Բազմածինային ժառանգականութիւն, այսինքն՝ մէկէ աւելի ծիներով.
Գ. Բազմածինային եւ միջավայրի ներգործութեամբ ժառանգականութիւն՝ այսինքն մէկէ աւելի ծիներով եւ միջավայրի ներգործութեամբ:
Ա. Միածինային ժառանգական յատկանիշները, հիւանդութիւնները եւ թերութիւնները կը դրսեւորուին որպէս.
ա. Մարմնա-տիրական (aotosomal dominant).
բ. Մարմնա-թաքուն (aotosomal recessive).
գ. X երփնամարմինի զօդուած եւ տիրական (X-linked dominant).
դ. X երփնամարմինի զօդուած եւ թաքուն (X-linked recessive).
ե. Y երփնամարմինի զօդուած (Y linked).
ա. Մարմնա-տիրական ժառանգականութիւնը տեղի կ՛ունենայ մէկ ծինով, որ կը կոչուի տիրական ծին: Այս ծինը կը ժառանգուի հօրմէն կամ մօրմէն եւ անոր ժառանգութիւնը բաւարար է, որ որոշ յատկանիշ մը, թերութիւն մը կամ հիւանդութիւն մը երեւան գայ: Այս մէկը կը նշանակէ որ ծնողներէն մէկը ունենեցած ըլլալու է յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը: Ժառանգուած յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը կը տեսնուի իրերայաջորդ բոլոր սերունդներու մէջ. այլ խօսքով՝ յատկանիշի մը ծինը կը գործէ բոլոր սերունդներու մէջ:
Մարմնա-տիրական ժառանգութեան պարագային ժառանգականութեան հետեւեալ օրէնքները կը գործեն.
1. Յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը ունեցող անհատի մը հայրը կամ մայրը կ՛ունենայ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը.
2. Երբ ծնողներէն մէկը ունի յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը, իսկ միւսը առողջ է՝ անոնց զաւակներուն կէսը կ՛ըլլայ առողջ եւ միւս կէսը կ՛ունենայ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը.
3. Յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը ունեցող ծնողքի մը առողջ զաւակները յատկանիշ չեն փոխանցեր.
4. Երկու սեռերը համահաւասարապէս կ՛ունենան յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը:
բ. Մարմնա-թաքուն ժառանգութիւնը տեղի կ՛ունենայ ծինի մը երկու օրինակներով, այսինքն՝ հայր եւ մայր կ՛ունենան թաքուն ծինը: Հոս յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը ամէն սերունդի մէջ չի յայտնուիր:
Մարմնա-թաքուն ժառանգութեան պարագային ժառանգականութեան հետեւեալ օրէնքները կը գործեն.
1. Յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը ունեցող անհատի մը հայրը եւ մայրը յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը չեն ցուցաբերեր, սակայն անոնք կը կրեն յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը եւ հետեւաբար անոնք կը կոչուին կրողներ (cariers): Անոնց զաւակներուն մէկ չորրորդը կ՛ունենայ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը, կէսը կ՛ըլլայ երեւութապէս առողջ, բայց կ՛ըլլայ կրող, իսկ մէկ չորրորդը կ՛ըլլայ առողջ:
2. Երբ ծնողներէն մէկը ունի յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը եւ միւսը առողջ է, անոնց զաւակները կ՛ըլլան երեւութապէս առողջ, բայց կ՛ըլլան կրողներ:
3. Երբ ծնողներէն մէկը ունի յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը եւ միւսը երեւութապէս առողջ է, բայց կրող է, անոնց զաւակներուն կէսը կ՛ունենայ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը եւ միւս կէսը երեւութապէս կ՛ըլլայ առողջ, սակայն կ՛ըլլայ կրող.
4. Երբ ծնողներէն երկուքն ալ ունին յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը, անոնց բոլոր զաւակները կ՛ունենան յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը.
5. Երկու սեռերը հաւասարապէս կ՛ունենան յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը:
գ. X երփնամարմինի զօդուած եւ տիրական յատկանիշերը կամ հիւանդութիւնները կը ժառանգուին X երփնամարմիններու միջոցաւ: Անոնք հազուագիւտ են: Տղամարդիկ աւելի շատ կ՛ունենան այս յատկանիշերը կամ հիւանդութիւնները:
X երփնամարմինի զօդուած եւ տիրական ժառանգութեան պարագային ժառանգականութեան հետեւեալ օրէնքները կը գործեն.
1. Յատկանիշ կամ հիւանդութիւն ունեցող տղամարդ մը կը փոխանցէ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը իր բոլոր աղջիկ զաւակներուն, բայց ոչ՝ տղոց.
2. Երեւութապէս առողջ բայց յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը կրող մայրը կը փոխանցէ յատկանիշը իր զաւակներու կէսին՝ առանց սեռի խտրութեան.
3. Յատկանիշ կամ հիւանդութիւն ունեցող մայրը կը փոխանցէ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը իր բոլոր զաւակներուն:
4. Կիներ կրկնակի համեմատութեամբ կ՛ազդուին քան տղամարդիկ:
դ. X երփնամարմինի զօդուած եւ թաքուն յատկանիշները կամ հիւանդութիւնները դարձեալ կը ժառանգուին X երփնամարմիններով եւ տղամարդիկն են, որոնք առաւել կ՛ազդուին:
X երփնամարմինի զօդուած եւ թաքուն ժառանգութեան պարագային հետեւեալ ժառանգականութեան օրէնքները կը գործեն.
1. Երեւութապէս առողջ կին մը, որ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը կը կրէ կրնայ փոխանցել յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը իր զաւակներուն.
2. Յատկանիշ կամ հիւանդութիւն ունեցող տղամարդ մը բնաւ չի փոխանցեր յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը իր տղայ զաւակներուն, իսկ անոր աղջիկ զաւակները կը կրեն յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը, բայց կ՛ըլլան երեւութապէս առողջ.
3. Երեւութապէս առողջ բայց յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը կրող մայր մը կը փոխանցէ յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը իր տղայ զաւակներու կէսին, իսկ անոր բոլոր աղջիկները կ՛ըլլան առողջ:
ե. Y երփնամարմինի զօդուած յատկանիշը կամ հիւանդութիւնը կը ժառանգուի Y երփնամարմինով:
Բ. Երփնամարմիններու թերութիւներուն հետեւանքով ժառանգուած հիւանդութիւնները կը դրսեւորուին որպէս մարմնական եւ սեռական հիւանդութիւններ:
Գ. Մանրամարմիններու թերութիւններով յառաջացած հիւանդութիւնները կը ժառանգուին միայն մօրմէն:
Յատկանիշ մը, որ կը տեսնուի միայն մէկ սեռի մէջ, այսինքն միայն տղոց կամ աղջիկներու մէջ, կը կոչուի սեռասահմանափակեալ (sex limitted) յատկանիշ, օրինակ՝ cryptorchism, որ տղոց մօտ տեսնուած ժառանգական հիւանդութիւն մըն է: Բնական պայմաններու մէջ տղոց ամորձիգները, որոնք կը զարգանան փորին մէջ, ծնունդէն առաջ տեղափոխուած կ՛ըլլան փոշտին մէջ: Այս հիւանդութեան պարագային ամորձիգները չեն տեղափոխուիր փոշտին մէջ, այլ՝ կը մնան փորին մէջ:
Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ ժառանգականութիւնը, այսինքն յատկանիշի մը կամ հիւանդութեան մը փոխանցումը ծնողներէն իրենց զաւակներուն:
Հայր եւ մայր իրենց ժառանգական յատկանիշը, հիւանդութիւնը կամ թերութիւնը կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն բեղմնաւորումի (conception) ընթացքին: Ծնողներէն մէկուն կամ երկուքին ունեցած յատուկ ծինը եւ կամ ծիները կը ժառանգուին իրենց զաւակներուն՝ ժառանգականութեան օրէնքներուն համաձայն: Այս յատուկ ծինը կամ ծիները կրնան գտնուիլ որեւէ մէկ երփնամարմինի եւ մանրամարմիններու վրայ: Փոխանցումը գործնականապէս տեղի կ՛ունենայ բեղմնաւորումի ընթացքին հետեւեալ գործընթացով՝ հայր մը իր մէկ սերմնաբջիջով կը բեղմնաւորէ իր կնկան մէկ ձուն:
23 զոյգ երփնամարմիններով կազմուած սերմնաբջիջը, որուն 23րդ զոյգը XY երփնամարմիններն են եւ 23 զոյգ երփնամարմիններով կազմուած ձուն, որուն 23րդ զոյգը XX երփնամարմիններն են, յատուկ ձեւով մը կը կիսուին (meisosis) եւ կը յառաջանայ 23 երփնամարմիններով նորածիլ սերմնաբջիջ եւ նորածիլ ձու (gamets): Հօր նորածիլ սերմնաբ« 23 երփնամարմիններուն 23րդ երփնամարմինը կ՛ըլլայ X կամ Y, իսկ մօր նորածիլ ձուի 23 երփնամարմիններուն 23րդ երփնամարմինը կ՛ըլլայ անպայման X: Հիմնականօրէն 23 երփնամարմիններով կազմուած նորածիլ սերմնաբջիջն է որ կը բեղմնաւորէ 23 երփնամարմիններով նորածիլ ձուն: Հետեւաբար բեղմնաւորումէն կը յառաջանայ 23 զոյգ երփնամարմիններով կազմուած լծասերմը, որուն առաջին 22 զոյգերը կազմուած կ՛ըլլան մարմնական համակազմ երփնամարմիններէ, իսկ 23րդ զոյգը կրնայ կազմուած ըլլալ սեռական համակազմ XX երփնամարմիններէ կամ սեռական այլակազմ XY երփնամարմիններէ: XX երփնամարմիններով լծասերմը կը ներկայացնէ ապագայ աղջիկ զաւակը, իսկ XY երփնամարմիններով լծասերմը կը ներկայացնէ ապագայ տղայ զաւակը: Այս հանգրուանէն ետք, երբ արդէն յղութիւնը իրականացած կը սեպուի, լծասերմը կը սկսի բնական ընթացքով բազմանալու mitosis գործընթացով, այսինք՝ անկէ առաջին անգամ կը յառաջանայ երկու նոր բջիջներ, որոնք կազմուած կ՛ըլլան 23 զոյգ երփնամարմիններէ եւ այս ձեւով յղութիւնը կ՛առնէ իր բնական ընթացքը:
(Շար. 2 եւ վերջ)