ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ, ինչպէս իւրաքանչիւր անձ, այն տպաւորութիւնը ունի առհասարակ, թէ նախանձի գոյութիւնը միայն իր ժողովուրդին մօտ, կամ իր անձին շուրջ գտնուող մարդոց մէջ տեսնուած երեւոյթ է: Ասիկա սխալ ու յոռետեսական մօտեցում է ընդհանրապէս կեանքի, ու մասնաւորաբար նախանձի երեւոյթին նկատմամբ:
Ամէն ժողովուրդի մէջ ալ, ինչպէս ամէն անձի մօտ կարելի է հանդիպիլ այս երեւոյթին, որուն տեսակներուն, չափերուն եւ գոյներուն մասին շատ բացատրութիւններ կը տրուին: Անոր «բարի» տեսակին մասին կը խօսուի, կամ «դրական» հետեւանքներուն մասին երբեմն լուսաբանութիւն կը տրուի, որ աւելի մխիթարական բնոյթ ունի, քան՝ հիմնաւոր:
Հայերս աւելի մեր մասին, ու մեր ժողովուրդի թերութեանց մասին մտածելով, յաճախ խոշորացոյցի տակ կը բռնենք յատկապէս այս երեւոյթը՝ նախանձը: Քանակով փոքր ժողովուրդիներու մօտ աւելի ցայտուն այս երեւոյթը, ունի անշուշտ իր պատճառները: Մեզի այնպէս կը թուի յաճախ, որ բոլորս իրար լաւ կը ճանչնանք: Թիւով քիչ ըլլալուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն արձանագրած յաջողութիւնները կամ ունեցած ձախորդութիւնները շուտով շրջանառութեան կը դրուին, յատկապէս այսօրուան հաղորդակցութեանց դիւրին միջոցներուն բերումով:
Հաղորդակցութեանց որոշ կայքեր, որոնք աւելի նկարներու լեզուով կը խօսին քան բառերու, բոլորս իրարու կը կապեն, նոյն նիւթի մասին մտածելու կը մղեն, կամ կատարուած դէպքի մասին տեսակէտներու բազմապատկումին կը նպաստեն:
Ուրիշներ օրն ի բուն նոյն կայքերուն դիմաց գամուած, մէկական տողով կարծիքներ կ՛արտայայտեն, հարիւրապատիկ բամբասանքի նիւթ հայթայթելով անգործ դատարկապորտներուն: Ե՞րբ կ՛աշխատին, կամ ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնեն նման դատարկախօսութիւն գիրի վերածելու՝ կը դժուարանանք բացատրութիւն տալ, քանի որ աշխատանքի թափը թոյլ չի՛ տար մեզի ժամանակ վատնել՝ ժամանակ վատնողներու սիրոյն: Աղքատ, խեղճ, տկար ու անզօր է ան, որ անցեալի դեղնած թուղթերը լոյսին բերելով, անոնց դրամագլուխով կը փորձէ սրբագրութիւններ կատարել ներկային մէջ: Լաւ սրբագրութիւն կատարելու համար, ներկայի՛ն պէտք է նայիլ, անկէ օրինակ քաղելու համար: Իսկ լաւագոյն սրբագրութիւնը՝ անձին օրինակը մատուցելն է, որ եթէ ընդունելի է բոլորին կողմէ ու կատարեալ, ուրեմն այլեւս բառ ու բացատրութեան կարիք չ՛ունենար: Դաստիարակը շատ դիւրաւ կը դաստիարակէ իրեն յանձնուած աշակերտները, եթէ ի՛նք դաստիարակուած է ատենին: Իսկ այսօր, չկա՞ն չդաստիարակուած ուսուցիչներ, որոնք ամէն անգամ հին ու դեղնած թուղթերով տետրակներ կը բանան, հիմք ծառայեցնելու համար իրենց խօսքին, յուսալով որ աւելի հեղինակաւոր կրնան դառնալ այդպիսով: Անցեալի տետրակներուն հեղինակները կրնան մահացած ըլլալ, եւ կամ գուցէ անոնցմէ կրնան պոկուած կամ «ինկած» ըլլալ«էջեր», որոնք կրնային լոյս սփռել ըսուածներուն: Ինչո՞ւ չփնտռել այդ էջերը, եւ միայն մեր ձեռքը եղածներուն մասին խօսիլ:
Նախանձորդը նաեւ ինքնամատնիչ ըլլալու յիմարութիւնը ի գործ կը դնէ: Չ՛իմանար ան, թէ՝ ե՞րբ կամ ինչպէ՞ս յանկարծ կ՛արտայայտէ տուեալ մտածումը, որ բարացուցիչ կը դառնայ նախանձի իր ներքին զգացումին: Կ՛ըսուի, թէ նախանձ եւ սէր կարելի չէ թաքցնել: Իրարու հակադիր երկու զգացումներ, մէկը չար, միւսը ծայրայեղ բարի, որոնք երբեմն այնքան կը մօտենան իրարու, որ շատեր սէրն ու նախանձը իրարու հետ կը շփոթեն…:
Կորնթացիներու ուղղած իր նամակին մէջ, առաքեալը շեշտելով կը շեշտէ, որ «սէր ունեցողը չի՛ նախանձիր» (Հմմտ Ա.Կր 13.4): Դժուար թէ սիրոյ այդ բարձունքին հասած մարդ ըլլայ այս աշխարհի մէջ, որովհետեւ աստուածային անանձնական սիրոյ գերազանց օրինակը կայ ատոր մէջ:
Աշխատանքը միշտ ունեցած է իր հակառակորդները: Ծոյլերն են, որոնք թշնամի չեն ունենար: Անոնց թշնամին կ՛ըլլայ միայն իրենց նախանձը, որ «գործի» կը մղէ զիրենք, կասեցնելու աշխատողին թափը, կապելու լծուած եզան ոտքերը, կամ արգիլելու սոխակին դայլայլը:
Հետաքրքրական է, որ նախանձորդներուն թիրախը միշտ լա՛ւ աշխատանքն է: Թերի, պակասաւոր, թոյլ ու անկարեւոր աշխատանքներով չեն զբաղուիր անոնք: Գիտեն, որ նման աշխատանքներ ուշադրութիւն պիտի չգրաւեն, ո՛չ ալ բարձր գնահատանքի պիտի արժանանան: Սակայն, անոնք կը մտահոգուին լա՛ւ աշխատանքին արդիւնքով, որովհետեւ շուտով կը պատկերացնեն թէ ինչպիսի գնահատանքի կրնայ արժանանա զայն իրագործողը, եւ կամ ի վերջոյ ինչպիսի՛ բարիք պիտի սերմանէ անիկա իր շուրջը:
Նախանձորդը բարիի թշնամին է այս կեանքին մէջ: Ուր որ բարին է, ինք այնտեղ «գործ» ունի կատարելիք, որ քանդիչ ըլլալէ աւելի, վտանգաւոր է՝ մահացու: Նախանձի հետեւանքով ինչքա՜ն սպանութիւններ տեղի ունեցած են ցարդ աշխարհի մէջ: Նախանձոտ մարդուն պէտք չէ՛ պատմես նոյնիսկ գիշերը տեսած լաւ երազիդ մասին, վստահ ըլլալով որ պիտի նախանձի: Անիկա չի՛ մտածեր թէ տեսածդ անիրական է, երազ է: Պատմած պահուդ անիկա իրականութիւն դարձած կը տեսնէ երազդ, եւ… կը նախանձի:
«Վարպետ նախանձորդներ» լռութեամբ կը գործեն, ժպիտը անպակաս ընելով իրենց դէմքէն, ու այն տպաւորութիւնը թողելով, թէ բնաւ զիրենք չե՛ն հետաքրքրեր շրջապատին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերը, կամ՝ ուրիշներուն ունեցած յաջողութիւնները: Ասոնք նաեւ առաջին ցաւակցողները կ՛ըլլան, երբ ձախորդութեան հանդիպի աշխատողը: Ներքին ուրախութիւնը պահելու մասնագիտութիւնն ալ ձեռք բերած են վարպետ նախանձորդներ, որոնց դէմքին տխուր կամ ուրախ արտայայտութիւնները կարելի չէ՛ զանազանել իրարմէ, այնքան որ մէկէն միւսը կ՛անցնին մեծ վարպետութեամբ:
Նախանձորդը դարձի բերելը ամուլ աշխատանք է, որմէ պէտք է հրաժարիլ ընդհանրապէս: Սակայն կարելի է պատիժ սահմանել անոր, որմէ չի՛ կրնար խուսափիլ ան: Անոր համար որոշուած պատիժը անուղղակի է: Ան իրեն թիրախ ընտրած անձին նոր աշխատանքները պէտք է դիտէ, եւ իր պատիժը ստանայ ամօթահար մնալով: Լաւ աշխատիս՝ նախաձորդներ պիտի ունենաս, բնական է: Սակայն երբ լաւապէս գործես՝ ամօթահար պիտի թողուս զիրենք: Աշխատանքի այս տրամաբանութիւնը բոլորին բարիքին պիտի ծառայէ, որովհետեւ մէկ կողմէ նոր ու աւելի մեծ իրագործումներ տեղի պիտի ունենան, միւս կողմէ նախանձորդը պիտի պատժուի ամօթահարութեամբ: Սակայն ասիկա այնպիսի պատիժ է, որ նաեւ դաստիարակիչ հանգամանք պիտի ունենայ նախանձորդին համար, եթէ զգալու շնորհքը տրուած է իրեն Աստուծմէ: Ուրեմն հասարակաց բարիք եղաւ լաւագոյն կերպով աշխատիլդ եւ նոր իրագործումներով մարդկութեան կեանքը հարստացնելդ:
Շարունակէ՛ լաւագոյն աշխատանքը կատարել, գէթ այն յոյսով որ ամօթահար պիտի թողուս նախանձորդները: