
«Հապերլեր» համացանցային կայքէջը կարճ տողերով արձագանգ կը հանդիսանայ այն ուխտագնացութեան, զոր Սվազցի հայեր, Միւռոն Ա. քահանայ հօր առաջնորդութեամբ կատարեցին դէպի Սվազ։ Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր Սվազցի հայերու եւ բարեկամներու միութեան կողմէ։ Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 217 ուղեւորներ։
Խումբը Սվազ հասնելէ ետք, որպէս առաջին կայք՝ նախաճաշ մը ըրաւ քաղաքի կեդրոնէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ջերմիկ տաք ջուրերու ջերմուկին մէջ («ՄԱՐՄԱՐԱ».- Ջերմիկ անունը կապ մը չունի՞ Ջերմ կամ Ջերմուկ բառին հետ)։
Խումբը աւելի վերջ, Սվազի մէջ բնակող այլ հայերու ալ ընկերակցութեամբ գնաց քաղաքին կեդրոնը՝ Թավրա թաղամասին մէջ գտնուող Հայկական գերեզմանատունը։ Միւռոն Ա. քահանայ հոս իրեն ընկերացողներուն հետ միասին աղօթեց գերեզմանատան մէջ հանգչողներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հաւատացեալները մոմեր վառեցին։ Միութեան անդամներէն Լեւոն Լեւոնեանն ալ հատուածներ կարդաց Աւետարանէն։
Միւռոն Ա. քհնյ. հայրը յիշեցուց, որ յաջորդ օրը մեր հինգ կարեւոր տօներէն մէկն է, այդ պատճառաւ ալ աղօթքներ կարդացին հանգուցեալներու հոգւոյն։ Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի իշխանութիւններուն, որոնք արտօնեցին, որ այսպիսի այցելութիւն մը կատարուի գերեզմանատուն։
Ուխտաւորներու խումբը, աւելի վերջ, Սվազի քաղաքապետ Տողան Եուրկիւպի հիւրասիրութեամբ կէսօրուան ճաշ կերաւ, քաղաքապետութեան «փիքնիք»ի դաշտին մէջ։ Ուխտագնացները ճաշէն վերջ յուշատախտակ մը նուիրեցին քաղաքապետին։ Քաղաքապետ Եուրկիւպ դիտել տուաւ, որ Սվազի մէջ հայ բնակչութեան թիւը շատ նուազած է:
«Ձեզ միշտ կը սպասենք Սվազի մէջ, պատրաստ ենք միշտ հիւրասիրելու ձեզ, ասոնք ձեր հողերն են, այժմ ձեր հողերուն վրայ կը գտնուիք, մենք հոս ձեր անունով է որ տեղ կանգնած ենք։ Միշտ կը սպասենք որ գաք ու այցելէք ձեր այս հարազատ հայրենիքը», ըսաւ քաղաքապետ Եուրկիւպ։
ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ
Ուխտագնացներէն Սոնա Պահապան եւս մեզի հետ կապ հաստատեց ու մեզի փոխանցեց իր խանդավառ տպաւորութիւնները։ Ան ըսաւ, որ ասիկա ուխտագնացութեան համազօր պտոյտ մըն էր… քաղաքապետը, միւֆթին, քաղաքապետութեան պաշտօնեաները, բոլորն ալ անօրինակ մօտիկութիւն ու հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ուխտաւորներուն նկատմամբ։
Տիկին Պահապան ապրեցաւ անձնական փորձառութիւն մըն ալ։ Երբ իր շուրջիններուն յայտնած էր, որ իր ծնողները Սվազի Պաշըպիւյուք գիւղէն էին, նոյնիսկ անոնք կը կրէին Պաշըպիւյուք մականունը, անմիջապէս կարգադրուեցաւ, որ ան այդ գիւղը այցելէ ու տեսնէ իր ծնողներուն ծննդավայրը։ Թէեւ հոն այլեւս հայկական ոչինչ մնացած է, բայց իրեն համար անմոռանալի փորձառութիւն մը եղաւ այս մէկը։ Տիկին Սոնան ալ, բոլոր միւս ուխտագնացներուն նման, շատ գոհ էր իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած յարգալիր շահագրգռութեան համար։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»