Յայտնի թուրք մտաւորական եւ «Պելկէ» հրատարակչատան սեփականատէր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Ռակըպ Զարաքօլու ու ամերիկաբնակ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ «Տարուան Մարդը» հռչակուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ Վարդանանց Ասպետներ հայկական կազմակերպութեան կողմէ։
Զարաքօլու, Թուրքիոյ մէջ տակաւին շարունակուող իր դատին հետեւանքով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիսութեան, որուն ընթացքին զայն ներկայացուցին անոր որդին՝ Ճէյմզ Շերեֆ եւ անոր խօսեցեալը՝ Աննա Թումանսքի։ Զարաքօլուի որդին հոն կարդաց նաեւ իր հօր պատգամը՝ թրքերէնով։
Հակառակ անոր, որ մէկ օր ետք սիրտի վիրաբուժութեան մը պիտի ենթարկուէր, Վարդանանց Ասպետներու վարիչներէն փրոֆ. Տենիզ Փափազեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան։ Հանդիսութեան կը նախագահէր Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան։
Զարաքօլու իր որդւոյն կողմէ կարդացուած պատգամին մէջ ցաւ յայտնեց, որ չէ կրցած ներկայ գտնուիլ՝ նշելով, որ ի՜նչ մեղք որ իր սիրելի երկիրին մէջ տակաւին կը շարունակուի 1915ի Ցեղասպանութեան ուրացումի կամ մաքրագործումի քաղաքականութիւնը։ Կը գործադրուի ոչնչացման քաղաքականութիւն մը, որ նախորդ շրջաններու հերոսները զոհ կը դարձնէ:
«Բոլորին ալ կարգը կու գայ օր մը, զուլում ընողն ու զուլում տեսնողը տեղ կը փոխեն, ոճրագործը անմեղ կը հռչակուի, ամբաստանեալը օր մըն ալ կը բազմի դատախազի աթոռին վրայ», կը յայտնէ Զարաքօլու իր նամակին մէջ։
Զարաքօլու դիտել կու տայ նաեւ, որ Թուրքիա, օսմանցիներէն ասդին, շարունակ յեղաշրջումներու եւ ժողովրդավարացման գործընթացի քայլեր կ՛առնէ, բայց այս բոլորը յուսախաբութիւն կը ստեղծեն, որովհետեւ մտայնութիւնը միշտ նոյնը կը մնայ։
Զարաքօլու նամակին մէջ կը պատմէ, թէ անցեալին ինչպիսի՛ գործակցութիւն ունեցած է Թաներ Աքչամի հետ, որուն հետ հիմա կը բաժնէ «Տարուն Մարդը» հռչակուելու պատիւը։