
ԹԱՒՐԻԶ.- Ատրպատականի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովը իր այս շրջանի 7րդ լիակատար նիստին ընթացքին ընտրեց թեմի 41րդ առաջնորդը 1247 թուականէն ի վեր, յանձնինս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթ-ճեանի:
Հայր սուրբը վեց ամիս առաջ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած էր կաթողիկոսական փոխանորդ, եւ իր հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւնը կը բերէր թեմի կեանքին:
Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Պատգամաւորական ժողովը խնդրամատոյց եղած էր վեհափառին, որ ըստ օրէնքի՝ առաջնորդական ընտրութիւն կայացնէ թեմէն ներս: Ուստի, վեհափառին օրհնութիւնը ստանալէ ետք, տեղի ունեցաւ սոյն ընտրութիւնը եւ Գրիգոր Ծ. վարդապետ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց թեմին:
Ընտրութենէն անմիջապէս ետք, Պատգամաւորական ժողովի դիւանը յատուկ նամակով ընտրութեան արդիւնքը հաղորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառին, ստանալու անոր օրհնութիւնը: Ապա, նորընտիր առաջնորդը մուտք գործեց դահլիճ, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան՝ տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Հայր սուրբը միասնականութեան եւ գործակցութեան կոչ ուղղեց ներկայ ժողովականութեան, առաւել եւս ծաղկեցնելու համար թեմին կեանքը:
Նորընտիր առաջնորդին կենսագրական գիծերուն կ՛անդրադառնանք մեր յառաջիկայ թիւով: