
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով 23 Յուլիսին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցելութեան ընթացքին անոնք հանդիպումներ պիտի ունենան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ գիտութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներուն հետ եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:
Ռուսական պատուիրակութեան անդամները նաեւ պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ պիտի զետեղեն Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին առջեւ: