ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական բանակին մէջ վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին անձնասպանութեան երկու դէպք տեղի ունեցած է։ «Ազերիփրէս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, միջադէպը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Պաքուի մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ:
Շամխորի շրջանի զինուորական կեդրոնին կողմէ պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչուած 18ամեայ զինուոր Էլֆաքթ Ալիեւ ինքզինք կախած ու անձնասպան եղած է։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաստատած է լուրը։
2012ի ընթացքին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կորսնցուցին 51 զինուորական ծառայող, որոնցմէ 12ը անձնասպանութիւն կատարեցին: