«Թելեկրաֆ» թերթը կը յայտնէ, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահած 1956էն ի վեր ամենադաժան երաշտը կը սպառնայ պարէնի համաշխարհային նոր ճգնաճամ յառաջացնել: Երկրի գիւղատնտեսութեան գլխաւոր կեդրոնը համարուող հիւսիս-կեդրոնական նահանագներուն մէջ երկարատեւ տաքերուն պատճառով, հացահատիկի եւ սոյայի գիները արձանագրած են ցուցանիշ համարուող աճ մը, որ չէր նկատուած վերջին՝ 2008ի պարէնի համաշխարահային ճգնաժամէն ետք:
Այս առթիւ, տնտեսագէտները կը նախազգուշացնեն, թէ երաշտի հետեւանքները զգալի պիտի դառնան ամբողջ աշխարհին մէջ, քանի որ ԱՄՆն աշխարհի մէջ եգիպտացորենի, սոյայի ու ցորենի մեծագոյն արտադրողն է:
Միայն վերջին ամսուան ընթացքին, եգիպտացորենի գինը աճած է 51 տոկոսով, ցորենինը՝ 40ով, իսկ սոյայինը՝ շուրջ 20ով: