
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- «Պի.Պի.Սի.» կը յայտնէ, որ Սուրիոյ ապստամբները գրոհած են Դամասկոսի ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան շէնքը: «Անընդհատ կրակոցներ կը լսուէին: Իսկ այժմ լուռ է, սակայն փողոցները տակաւին դատարկ են», յայտնած է բնակիչ մը այդ թաղամասէն, ուր կը գտնուի Ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան շէնքը:
Նաեւ, թրքական «Անատոլու» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ 20 Յուլիսին, Սուրիոյ ազատ բանակը յայտարարած է, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Պապ Ըլ Հաուա սահմանային անցակէտը: Սահմանի մօտակայքը գտնուող սուրիական գիւղերուն մէջ ընթացած մարտերուն իբրեւ հետեւանք՝ կառավարական զօրքերը ետ քաշուած են: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ ընդդիմութիւնը յայտարարած է նաեւ Իրաքի հետ սահմանին վրայ գտնուող Ապու Քեմալ քաղաքի գրաւման մասին:
Նշենք, որ Յուլիս 18ին Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառաութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած մեծ պայթումին հետեւանքով, նոյն ծառայութեան գրասենեակի ղեկավար Հիշամ Պախթիար Ուրբաթ օր մահացած է, իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի զօրաբաժինի հրամանատար՝ զօրավար մը եւ չորս գնդապետներ լքած են իրենց դիրքերը եւ անցած են Թուրքիա: Զինուորական փախստականներուն միացած են նաեւ 710 քաղաքացիներ: Նշենք, որ միայն Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիական բարձրաստիճան զինուրականներու թիւը հասած է 22ի:
Սուրիայէն հարեւան երկիրներ ապաստան փնտռողներուն թիւը եւս վերջին օրերուն բազմացած է: