ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի ջուրի եւ ելեկտրականութեան վարչութիւնը կազմակերպած է համայնքային տեղեկատուական ժողով մը, ելեկտրական ուժանիւթի վարձքերու բարձրացման առաջարկին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու համար քաղաքի բնակչութեան:
Կլենտէյլի բնակիչներուն կը խրախուսուի մասնակցիլ ժողովին եւ պարզել, թէ գիներու առաջադրուած բարձրացումը ինչպիսի՞ անդրադարձ պիտի ունենայ իրենց վրայ։
Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7էն 8:30, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204) ու պիտի իրականացուի հայերէն լեզուով: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (818) 548-3300 թիւին կամ այցելել www.GlendaleWaterAndPower.com կայքը: