
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ 19 Յուլիս, 2012ին Արցախի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու կանոնաւոր ընթացքն ու թափանցիկ կերպով անցկացումը:
Հակառակ որոշ շրջանակներու ժխտական կեցուածքին եւ սպառնալիքներուն, Արցախի ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, ցուցաբերեց իր հաստատակամութիւնը, ժողովրդավար կարգերու հաստատման ընդմէջէն, ամրապնդելու իր անկախութիւնը եւ պետականութիւնը:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, անգամ մը եւս կը յիշեցնէ միջազգային հանրութեան, թէ կայուն ու մնայուն լուծում կը տրուի Արցախի խնդրին, միայն իր ժողովուրդի կամքի ազատ ինքնորոշման ճամբով:
Նշելի է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնը, ուր շեշտը կը դրուի Արցախի իշխանութիւններու կամքը՝ ժողովրդավար միջոցներով կազմակերպելու երկրին հասարակական կեանքը: Առաւել եւս, ընտրութեան օրը աւելի քան 200 միջազգային դէտերու եւ լրագրողներու ներկայութիւնը աշխարհի 51 երկիրներէ, ոչ այլ բան է քան Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան ճանաչում: Կը շնորհաւորենք պրն. Բակօ Սահակեանի վերընտրութիւնը նախագահական պաշտօնին, մաղթելով յաջողութիւն՝ իրեն վստահուած առաքելութեան: