
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 23 Յուլիսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութեան հաստատած նոր մատենաշարին առաջին հատորը՝ «Հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ աշխատասիրութիւն» լոյս տեսաւ կաթողիկոսարանի Անթիլիասի տպարանէն։
Հատորին հեղինակն է Արտաւազդ արք. Թրթռեան, խմբագիրը՝ Պետրոս աբղ. Մանուէլեան եւ մեկենասը՝ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Ծովակ Կէպէնլեաններ (Մոնթրէալ-Գանատա)։
Հատորը ծաղկաքաղ մըն է Արտաւազդ սրբազանի քարոզներէն, ուսումնասիրութիւններէն, միջ-եկեղեցական վկայութիւններէն, Դպրեվանքի տեղեկագիրներէն եւ յօդուածներէն։
Հատորը կը բացուի Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի խօսքով, ուր սրբազանը մատենաշարին մասին կը գրէ. «Այս նորահաստատ մատենաշարին նպատակն է Դպրեվանքէն անցած սաներուն անտիպ կամ մամուլի մէջ ցրուած գրութիւնները հատորով լոյս ընծայել եւ Դպրեվանքի առաքելութեան մասնակից ընթերցողներուն հասցնել, որպէսզի Դպրեվանքի մէջ կազմաւորուած հոգեւորական ու աշխարհական մշակին խօսքը սեփականութիւնը դառնայ բոլոր ժամանակներու հայորդիներուն եւ դպրեվանեցիներուն աւանդը սերունդէ սերունդ իրարու ագուցուելով բոլորիս ներաշխարհը առաւել հարստացնէ»։