
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 22ին Քեմպրիճի մէջ հայ բանաստեղծութեան նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է 19րդ դարու ականաւոր գրողներէն Հենրի Լոնկֆելոյի տուն-թանգարանին մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին նշուած է գրող Տիանա Տէր Յովհաննիսեանի «Մեր ժամանակների հայ պօէզիան» խորագիրով գիրքի հրատարակութիւնը:
Տէր Յովհաննիսեան Եղիշէ Չարենցէն, Սիլվա Կապուտիկեանէն եւ Վահան Թէքէեանէն անգլերէնի թարգմանուած քանի մը բանաստեղծութիւններ կարդացած է:
Ներկայ եղած են մեցցօ սոփրանօ Վիկթորիա Աւետիսեան եւ թենոր Եղիշէ Մանուչարեան, որոնք կատարած են հայկական երգեր:
Աւարտին Տէր Յովհաննիսեան մակագրած է եւ ներկաներուն բաժնուած «Մեր ժամանակների հայ պօէզիան» գիրքի օրինակները: