ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Էմին Քեշմեր անունով թուրք ուսուցիչ մը, որ երկար տարիներ Թուրքիոյ հայկական ու յունական դպրոցներու մէջ ուսուցիչի ու փոխտնօրէնի պաշտօն կատարած է, վերջերս հրատարակած է գիրք մը, որուն մէջ կը պատմէ այդ շրջանի իր ապրումներուն մասին։ Գիրքին մէջ ան ծանր մեղադրանքներ, աւելի ճիշդը՝ մերկացումներ կ՛ընէ այդ շրջանի կրթական վարչակարգին դէմ, որովհետեւ դիտել կու տայ, որ փոքրամասնական վարժարաններէ ներս փոխտնօրէններու նշանակումը նպատակ ունէր հակակշիռի տակ պահել այդ վարժարանները, փոքրամասնական մանուկները հմայել ու դէպի թրքական կողմը առնել ու լրտեսել դպրոցի իրադարձութեանց մասին:
«Ճանչցայ այնպիսի թուրք փոխտնօրէններ, որոնք կը գանգատէին, թէ փոքրամասնական աշակերտները բաւարար խանդավառութեամբ չէին երգեր «Անկախութեան քայլերգը»», կը պատմէ Քեշմեր։
«Ակօս»ի մէջ հրատարակուած հարցազրոյցի մը մէջ նախկին փոխտնօրէնը կը պնդէ, թէ ամէն մարդ գիտէ արդէն, որ կրթական նախարարութեան կողմէ նշանակուած թուրք փոխտնօրէններուն գլխաւոր պարտականութիւնն էր հակակշիռի տակ պահել փոքրամասնութիւնները, որոնք կասկածելի տարրեր կը նկատուէին։ Ասիկա արդէն ցոյց կու տար, որ փոքրամասնութիւնները երկրորդ կարգի քաղաքացի կը նկատուէին։
«Մենք այս մարդոց չարիք գործեցինք. անոնք այս երկրին մարդիկն էին, անոնք գացին ու մենք աղքատացանք։ 1915էն ետք Թուրքիոյ մէջ ճարտարապետութիւն չմնաց։ Մինչդեռ անկէ առաջ աշխարհահռչակ ճարտարապետներ ունէինք։ 1880ական թուականներուն իսկ Տրապիզոնի մէջ պալէ եւ օփերա կար։ Ոչնչացուած այս մշակոյթներուն փոխարէն նոր մշակոյթ մը ստեղծել ուզեցին, բայց արդիւնքը հիմա մէջտեղն է։ Մինչեւ որ անցեալի հետ երես առ երես չգանք՝ Թուրքիա չի կրնար ժողովրդավար դառնալ», կը գրէ Քեշմեր:
Ահա հետաքրքրական դրուագ մը հատորէն. «Օր մը կրթական նախարարութենէն նշանակուած թուրք տնօրէններէն մէկը զիս կանչեց եւ ուզեց, որ միասնաբար քննենք դպրոցին գրադարանը։ Շուարեցայ։ Մենք հայերէն չէինք գիտեր. ինչպէ՞ս պիտի քննէինք գրադարանին գիրքերը։ Ի՞նչ պիտի գտնէինք այդ գիրքերուն մէջ։ Ասիկա, այդ մարդոց վրայ յարձակելէն բացի տարբեր նշանակութիւն մը կրնա՞ր ունենալ։ Ուղղակի ցեղապաշտութիւն էր։ Կը հպարտանանք, որ աշխարհին մէջ միայն մենք ենք, որ Ապրիլ 23ի նման մանկական տօն մը ունինք, բայց միւս կողմէ՝ այդ օրը տղոց կը կարդացնենք հայրենիքին վրայ յարձակած թշնամիներուն նկատմամբ ատելութիւն քարոզող բանաստեղծութիւններ»։