ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան 25 Յուլիսին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հափփին, գրասենեակի ներկայացուցիչ Վիքրամ Քուտարին եւ կառոյցի այլ ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Գագիկ Բեգլարեան նշած է, որ Համաշխարհային դրամատան կողմէ վերանորոգուող ճամբաները կը դիմագրաւեն որակի պահպանման խնդիր: Ան ընդգծած է, որ պէտք է յստակացնել նոր ճամբաներու կառուցման նկատմամբ մօտեցումները, լուրջ աշխատանքներ կատարել անոնց որակը ապահովելու եւ սպասարկման ժամկէտերը աւելցնելու համար:
Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հափփին կիսած է Գագիկ Բեգլարեանի մտահոգութիւնները՝ ճամբաներու որակի ապահովման ուղղութեամբ, եւ յոյս յայտնած, որ նշուած թերութիւնները կը վերցուին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան եւ համաշխարհային դրամատան միջեւ գոյութիւն ունեցող միացեալ ծրագիրներուն ու նախագիծերուն գործադրութեան ընթացքը: Նախարար Գագիկ Բեգլարեան եւ Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավարը կարեւոր նկատած են երկկողմանի համագործակցութիւնը՝ վս-տահութիւն յայտնելով այն մասին, որ անոնց ամրապնդման եւ զարգացման անհրաժեշտ բոլոր հիմքերը գոյութիւն ունին: