ԵՐԵՒԱՆ, «Մամուլ».- 25 Յուլիսին Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը նախաձեռնած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ համակարգչային լսարաններու հաստատման գործընթացին:
Արհեստագիտութեամբ յագեցած առաջին համակարգչային լսարանի բացումը պիտի կատարուի 26 Յուլիսին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան «Սեւան» բանտին մէջ։ Անիկա առիթ պիտի տայ ժամանակաւորապէս բանտարկուած անձերուն ծանօթացնելու համակարգչային արհեստագիտութիւնները, կատարելագործելու անոնց գիտելիքները ու ապահովելու շարունակական կրթութիւն:
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ տարբեր հաստատութիւններ համակարգիչներով օժտելու ծրագիրը շարունակական է: Այսօր դժուար է պատկերացնել որեւէ գործընթաց առանց նիւթաարհեստագիտական յագեցուածութեան:
Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը համակարգչային լսարաններ պիտի հիմնէ նաեւ զօրամասերուն մէջ: Առաջին համակարգչային լսարանը յառաջիկայ օրերուն պիտի բացուի Արմաւիրի ուսումնական զօրամասին մէջ: Անիկա պիտի օգնէ զինուորներուն եւ սպաներուն՝ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու ուսումնական գործընթացը: Զօրամասերը համակարգիչներով օժտելու ծրագիրը նուիրուած է Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 20ամեակին։