ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Այսօր քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու խումբ մը գործիչներ բողոքի ցոյց կատարեցին Նալպանտեան փողոցի վրայ գտնուող «Արմաւիա» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին առջեւ:
Ցուցարարները կը բողոքէին «Արմաւիա»ի կողմէ Հալէպ-Երեւան-Հալէպ տոմսերուն գիներուն բարձրացման դէմ: Մասնակիցներէն Ապրես Զոհրապեան խօսք արտասանելով յայտարարեց, որ անկրթութիւն է Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական նման իրավիճակի օգտագործումն ու գործարարական շահերու հետապնդումը։
Ան դիտել տուաւ, որ արաբական օդանաւային ընկերութիւնները եւս կրնային սղցնել տոմսերուն գիները, սակայն անոնք մնացին անփոփոխ կամ շատ աննշան տարբերութեամբ՝ աւելցնելով, որ այդ ընկերութիւնները «նամուս» եւ խիղճ ունին, իսկ «Արմաւիա»ն չունի։ Ապրես Զոհրապեան հաստատեց, որ «Արմաւիա»ի գիները գրեթէ կրկնապատկուած են։
Ցոյցին մասնակիցներէն Նուարդ Մանասեան յայտարարեց, որ «Արմաւիա»ն չի կրնար կոչուիլ ազգային օդանաւային ընկերութիւն, քանի որ հայութեան համար նման ճակատագրական հանգրուանի մէջ անիկա ապազգային քայլի կը դիմէ:
«Եթէ ձեր առաքելութիւնը միայն մանկապարտէզ փուչիկներ տանիլն է, ապա դարձէք սովորական, հաւասար պայմաններով մրցակցող ընկերութիւն», յայտարարեց Մանասեան:
«Արմաւիա» ընկերութենէն ոչ ոք մօտեցաւ ցուցարարներուն։
Յիշեցնենք, որ որոշ շրջան մը Հալէպի իր թռիչքները կասեցնելէ ետք, երբ «Արմաւիա»ն վերսկսաւ թռիչքներ կատարել՝ նկատելով, որ տոմսերու մեծ պահանջք կայ, անոնց գիները գրեթէ կրկնապատկեց։