ԱԶԱԶ, Սուրիա, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին, սուրիական բանակէն հրասայլային ջոկատ մը սկսաւ յառաջանալու դէպի Հալէպ, որուն պատմական թաղամասերը գրաւելու փորձեր կը կատարուին կառավարութեան դէմ զէնք բարձրացուցած ընդդիմութեան ուժերուն կողմէ: Հալէպի ծայրամասի Հանանօ, Սուխուր եւ Սալահէտտին շրջաններուն մէջ շարունակուեցան բախումները, որոնց ընթացքին սպաննուեցաւ ընդդիմութեան մարտական կարեւոր ղեկավար մը:
Թուրքիա Յուլիս 25ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ բոլոր սահմանային անցքերը պիտի փակուին, սակայն անոնք բաց կը մնան սուրիացի գաղթականներու համար: Թուրքիա-Սուրիա 900 քլմ. երկարութեամբ սահմանին երկայնքով 13 սահմանակէտ կայ, որոնցմէ միայն երեքը բաց էին: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր սուրիական վարչակարգը զգուշացուց, որ Թուրքիա կտրուկ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարելու սուրիական որեւէ փորձ կատարուի: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ իրադարձութեանց առնչութեամբ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու, աւելցնելով, որ ՄԱԿը սուրիական վարչակարգին հետ աւելի խիստ պէտք է վարուի եւ պարտադրէ, որ արիւնահեղութիւնը կասեցուի: Ան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան ամբողջական պատասխանատուն նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը կը նկատէ:
Թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութիւնը՝ ՄԻԹը, այն համոզումը ունի, որ Ասատ Սուրիոյ հիւսիսային մասը «յանձնած է» քրտական Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան, որ Թուրքիոյ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համակիր կուսակցութիւն մըն է։ Անգարա նոյնիսկ համոզուած է, որ Քիւրտիստան մը հիմնել ջանացող քիւրտերուն զէնքեր յանձնուած են Ասատի թելադրանքով, որպէսզի ան մէկ կողմէ վրէժ լուծէ Թուրքիայէն, իսկ մէկ կողմէ՝ իր կողմը քաշէ Սուրիոյ քիւրտերը։
Անգարա յոյժ մտահոգ է Ասատի իշխանութեան տապալումին պարագային ստեղծուելիք կացութեամբ, որովհետեւ լուրջ կասկածներ ունի այն մասին, թէ ընդդիմադիրները անցումի շրջանը պիտի կարենան յաղթահարել, առանց արտօնելու, որ քաոսային վիճակ ստեղծուի Սուրիոյ մէջ։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Ասատի տապալումը անխուսափելի է, եւ կոչ ուղղեց յետասատեան ժամանակաշրջանը նախապատրաստելու՝ Սուրիոյ փոքրամասնութեանց ուղղելով պատգամ մը, թէ ապագայ Սուրիան կը խոստանայ անոնց իրաւունքները պաշտպանել: «Ասատի տապալումը պէտք չէ փոքրամասնութեանց հալածանքի առաջնորդէ», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, Իրաքի կառավարութեան բանբեր Ալի Տապպաղ Թուրքիան ամբաստանեց Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը ծրագրելու յանցանքով, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Արեւմուտքին քայլերը սուրիական ընդդիմութիւնը կը քաջալերեն արիւնահեղութիւնը շարունակելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ հակառակ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը փոխելու կարգ մը երկիրներու փորձերուն, ծրագիրը տակաւին չէ ձախողած եւ միակն է, որ կրնայ Սուրիոյ մէջ ապահովութիւն հաստատել:
Նաեւ, «Ճազիրա» կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Կիպրոսի մօտ Սուրիոյ դեսպանները յայտարարած են, թէ սուրիական վարչակարգին հետ իրենց կապերը խզած են:
«Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ եթէ Ասատ ոչ սահմանադրական ճանապարհով հեռանայ իշխանութենէն, Սուրիոյ մէջ «քաղաքացիական պատերազմը անվերջանալի կը դառնայ»:
Իր կարգին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն անհանգստութիւն յայտնած է Սուրիոյ այն յայտարարութեան նկատմամբ, ըստ որուն, արտաքին յարձակումի պարագային Դամասկոս կրնայ քիմիական զէնք օգտագործել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւս յայտարարեց, որ Սուրիա «աղէտալի սխալ պիտի գործէ», եթէ քիմիական զէնք օգտագործէ: Սակայն, իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը իր ունեցած քիմիական զէնքերուն հետ պատասխանատու կերպով կը վարուի եւ միջոցառումներ որդեգրած է, որպէսզի անոնք սուրիական ընդդիմութեան կամ «Քայիտա»ի ձեռքը չիյնան:
Մինչ այդ, «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական իշխանութիւնները ձերբակալած են Դամասկոսի մէջ անցեալ շաբաթ Ազգային ապահովութեան կեդրոնատեղիի ականահարման մեղսակից մը:
Վերջապէս, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նաւատորմիղէն մարտանաւեր ռազմափորձ կատարելու համար մուտք գործած են Միջերկրական ծով: